ԻՐԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԴԱՄԱՍԿՈՍ
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հիւրընկալուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցեալին Պեշար Էսատ այցելած էր նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Այդ ուղեւորութենէն վերջ շրջանառութեան մէջ մտած էին մեկնաբանութիւններ, թէ Սուրիոյ ղեկավարութեան նկատմամբ կը մեղմանայ կարգ մը արաբական երկիրներու վերաբերմունքը։ Այս համայնապատկերին վրայ տեղի ունեցաւ Ապտուլլահիանի կողմէ գլխաւորուած բարձրաստիճան պատուիրակութեան երէկ այցելութիւնը դէպի Դամասկոս, ուր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Ապտուլլահիան յայտնեց, որ Թեհրան կ՚ողջունէ Դամասկոսի հետ մերձենալու ուղղեալ կարգ մը արաբական երկիրներու քայլերը։
Դամասկոսի մէջ Ապտուլլահիան դիտել տուաւ, որ Սուրիա եւ Իրան նոյն խրամատի մէջ կը գտնուին։ Իրան կ՚աջակցի Սուրիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին։ «Մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները լաւագոյն վիճակի մէջ են», ըսաւ ան։
Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտաթն ալ պաշտօնակիցը դիմաւորելու ժամանակ յայտնեց. «Պիտի քննարկենք երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ այն հսկայական զարգացումները, որոնք այսօր աշխարհի վրայ տեղի կ՚ունենան Ուքրայնայէ ներս Ռուսաստանի գործողութիւններէն ետք, նաեւ պիտի քննարկենք այդ իրադարձութիւններուն վերաբերեալ մեր հասարակաց կեցուածքները»։
Աւելի ուշ Դամասկոսի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ապտուլլահիան ընդունուած է Պեշար Էսատի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուած է երկու երկիրներու միջեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով համագործակցութեան շարունակութիւնը։ Ապտուլլահիան վերահաստատած է, որ իր երկիրը Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդի կողքին կը կանգնի՝ մինչեւ երկրի ամբողջ տարածքի ազատագրումը։ Իր խօսքով, տարածաշրջանի կայունութեան տեսակէտէ կարեւոր է, որ Սուրիա կարողանայ ստանձնել իր դերակատարութիւնը։
Ապտուլլահիան Դամասկոսի մէջ ներկայացուցած է նաեւ Իրանի հիւլէական ծրագրին վերաբերեալ միջազգային բանակցութիւններու ներկայ կացութիւնը։ Էսատ եւ Ապտուլլահիան կարծիքի փոխանակումներ ունեցած են նաեւ համատեղ հետաքրքրութեան առարկայ զանազան նիւթերու շուրջ՝ ներառեալ Ուքրայնայի իրավիճակը։ Ապտուլլահիան Դամասկոսի մէջ յայտնած է, որ աւելի քան երբեք մօտ է Իրանի հիւլէական ծրագրին շուրջ համաձայնութեան գոյանալը։