ՄԻՇՏ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը, դժբախտաբար, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին տեսակէտէ ամենայոռետես հաւանականութիւնները իրականութիւն կը դարձնէ։ Արդարեւ, Ատրպէյճան միշտ հետամուտ է արկածախնդրութիւններու եւ իր այդ ձգտումներուն տեսակէտէ Ուքրայնայի պատերազմը վերածուած է շատ նպաստաւոր գործօնի։ Ռուսաստան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի եւ խաղաղութեան երաշխաւորն է, սակայն, ըստ երեւոյթին, պատերազմական գործողութիւնները արդէն անոր ուշադրութիւնը շեղած են դէպի ուրիշ առաջնահերթութիւններ։ Թէեւ օրէն ի վեր ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը գործնականօրէն այդքան ալ չէր կարողացած զսպել Ատրպէյճանի նկրտումները, սակայն, այժմ փոփոխուած իրավիճակին մէջ Արցախի համայնապատկերն ալ կ՚ենթարկուի փոփոխութեան։ Պատերազմական մթնոլորտի մէջ Ռուսաստանի հնարաւորութիւնները շատ աւելի սահմանափակուած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վրայ ազդելու տեսակէտէ։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Արցախի վերջին օրերու իրադարձութիւնները կու գան ապացուցանել, որ ռուս խաղաղապահները այս փուլին արդէն, ըստ էութեան, մատնուած են անգործութեան։ Հայկական լրահոսին վրայ ահազանգ կը հնչէ, որ Արցախէ ներս մարդասիրական աղէտ մը յառաջացած է։ Շաբաթներէ ի վեր դէպի Արցախ բնական կազի մատակարարումները խափանած Ատրպէյճան, արդէն իր արկածախնդրութիւններու շղթային վրայ վերջին օրերուն նոր օղակ մը աւելցուցած է։ Դժբախտաբար, Ատրպէյճանի զօրքերը Արցախի շփման գծին վրայ սկսած են հրադադարը սիստեմաթիկ ձեւով խախտել եւ յառաջանալով նոր տարածքներ նուաճել։
Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ հայկական կողմի արձագանգները իսկապէս հետաքրքրական են։ Երեւանէն կատարուած յայտարարութիւնները ունին սնանկութեան խոստովանութեան բնոյթ։ Զարմանալի է, որ Ատրպէյճանի բանակի արձանագրած յառաջխաղացումներուն փոխարէն հայկական կողմէն հիմնական արձագանգողները կ՚ըլլան Հայաստանի եւ Արցախի մարդու իրաւանց պաշտպանները։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առաւօտ տեղեկացուց, որ Արցախի մէջ իրադրութիւնը կը մնայ լարուած։ Ստեփանակերտէն ալ հաղորդուեցաւ, որ Ատրպէյճան կրակ բացած է Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն վրայ՝ կիրառելով հրաձգային զինատեսակներ եւ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր։ Զանազան լրատուամիջոցներ կը տեղեկացնեն, որ Ատրպէյճան վերահսկողութեան տակ առած է Փառուխ գիւղն ու յարակից դիրքերը՝ արեւելեան սահմանագօտիէն ներս։ Այդ ներխուժման ընթացքին թէեւ Ատրպէյճանի բանակը հինգ զոհ տուած է, սակայն, արդէն վերահսկողութեան տակ առած է դիրքերը։ Արցախի Անվտագնութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Սամուէլ Պապայեանն ալ յայտնեց, որ ներկայիս սպառնալիքի տակ է Քարագլխի բարձունքը, որ ունի ռազմավարական նշանակութիւն եւ եթէ այդ մէկը Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցնի, ապա շատ կը դիւրանայ Ստեփանակերտ հասնիլը։ «Այն պահուն, երբ ռուսական զօրքը մտած է Արցախ, հայկական կողմը դուրս եկած է պատասխանատուութենէ», ըսաւ ան։
Ասկերանի շրջանի այս մտահոգիչ իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկու օրէ ի վեր հանդէս կու գայ յայտարարութիւններով՝ ակնկալելով, որ ռուս խաղաղապահները միջոցներու ձեռնարկեն, որպէսզի Ատրպէյճանի զօրքերը անյապաղ վերադառնան իրենց ելման դիրքերը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի ու Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Քերըն Տենֆրիտի հետ՝ արժեւորելով վերջին իրադարձութիւնները, նաեւ անդրադառնալով Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութեան գործընթացին։ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութիւնը այս զրոյցէն առաջ հանդէս եկած էր յայտարարութիւնով մը՝ խոր մտահոգութիւն յայտնելով Արցախի կազամատակարարման խափանումներուն եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու տեղաշարժերուն բերումով։
Երէկ ալ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Շոյկու այս զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Ասկերանի շրջանի իրադրութիւնը կը գտնուի ռուսական կողմի ուշադրութեան կեդրոնին։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկ յայտնած էր, որ կարելի չէ խորացնել՝ առանց այդ ալ դժուարին մարդասիրական իրավիճակը Արցախէ ներս, բնակիչները պէտք չէ տուժեն։
Հայաստանի կառավարութեան երէկուան հերթական ժողովէն առաջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ անդրադարձած էր Արցախի լարուած իրադրութեան։ Ան յայտնած էր, որ Ատրպէյճան կը ջանայ Հայաստանը շեղել խաղաղութեան օրակարգէն։ «Ատրպէյճան խնդիր դրած է Արցախէ ներս էթնիք զտումներու քաղաքականութիւնը աւարտին հասցնել», յայտնած էր ան՝ դիտել տալով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը չէ ունեցած տարածքային խնդիր, հիմա ալ այդպիսին չէ, այլեւ իրաւունքի խնդիր է։ «Վերջին իրադարձութիւններէն յետոյ անհասկնալի կը դառնայ՝ Ատրպէյճան կ՚ուզէ՞ տարածաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու բացում, թէ ոչ», նշած էր Փաշինեան, որու խօսքով Հայաստանի երրորդ Հանրապետութիւնը պատմութեան ամենախաչմերուկային կէտին վրայ կը գտնուի։