MODERNA-ԷՆ ՆՈՐ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Ամերիկեան «Moderna» ընկերութիւնը տեղեկացուց, որ իր կողմէ «Covid-19»ի դէմ մանուկներու համար արտադրուած պատուաստանիւթը՝ չափահասներու համար արտադրուածին հաւասարազօր դրական արդիւնքներ կու տայ։ Երկու պարագային ալ պատուաստուածներու մարմնի դիմադրութիւնը կ՚ամրապնդուի՝ անհրաժեշտ համեմատութեամբ հակամարմիններու գոյացումով։ Այս ընկերութիւնը կը պատրաստուի յառաջիկայ շաբաթներուն դիմում կատարել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու սնունդի եւ դեղօրայքի համապատասխան մարմիններուն՝ հրատապ վաւերացում ունենալու համար։

Հարկ է յիշեցնել, որ «Moderna» ընկերութեան համահիմնադիրն է ամերիկահայ գիտնական, գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեան։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022