ՔՈՊԱԽԻԾԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հիւր վարչապետը Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Խաչատրեանի, արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեանի, Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանի եւ այլ պաշտօնատարներու կողմէ։

Օրուան տեւողութեան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը հիւրընկալէ իր վրացի պաշտօնակիցը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու վարչապետները կ՚ունենան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին կը գլխաւորեն պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Նախատեսուած է նաեւ անոնց մամլոյ ասուլիսը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւս կը հիւրընկալէ Քոպախիծէն։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 25, 2024