ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ԲՈՂՈՔ

Թուր­քիա հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ վեր­ջին օ­րե­րուն կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով ե­րէկ հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցոյց տուաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի, Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ Գեր­մա­նիոյ Նա­խա­գահ Եոա­խիմ Կաու­քի դէմ։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, որ Օ­պա­մա­յի Ապ­րիլ 24-ի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի շրջա­նին ապ­րուած­նե­րու տե­սա­կէ­տէ կը ցո­լաց­նէ միա­կող­մա­նի մօ­տե­ցում մը, մինչ­դեռ այդ բո­լո­րը հա­յոց չափ թուրք ժո­ղո­վուր­դին տե­սա­կէ­տէ ալ կը ներ­կա­յաց­նեն զգայ­նու­թիւն։ Հե­տե­ւա­բար, Ան­գա­րա կը մեր­ժէ այս ընտ­րո­վի եւ կողմ­նա­կալ ար­դա­րու­թեան հաս­կա­ցու­թիւ­նը։

Վլա­տի­միր Փու­թի­նի կող­մէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­րա­կու­մով կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներն ալ պա­խա­րա­կուած են Ան­գա­րա­յի կող­մէ։ Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ընդգ­ծած է, որ նման քա­ղա­քա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը չե­ղեալ կը հա­մա­րուին Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ։

Թրքա­կան կող­մը Կաու­քի յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներն ալ ի­րա­ւա­կան ու պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րուն հետ խո­տոր կը նկա­տէ ու կը շեշ­տէ, որ թուրք ժո­ղո­վուր­դը այդ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը պի­տի չմոռ­նայ ու պի­տի չնե­րէ։ Ան­գա­րա­յի բո­ղո­քին մէջ նշուած է, թէ Կաուք ի­րա­ւունք չու­նի թուրք ազ­գին վե­րագ­րել յան­ցա­գոր­ծու­թիւն մը, որ չէ կա­տա­րուած ա­նոր կող­մէ։

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2015