ԷՐՏՈՂԱՆ. «ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՑԱՒԵՐԷՆ ԴՈՒՐՍ ՉԲԵՐԵՆՔ ՆՈՐ ԹՇՆԱՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»

Ե­րէկ Չա­նաք­քա­լէի պա­տե­րազ­մի հա­րիւ­րե­րորդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը կամ ա­նոնց կող­մէ բարձ­րաս­տի­ճան պա­տուի­րա­կու­թիւն­ներ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի տան­տի­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ Չա­նաք­քա­լէի ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Էր­տո­ղան եւ Անգ­լիոյ իշ­խան Չարլզ ա­ռան­ձին ա­ռան­ձին ծաղ­կեպ­սակ­ներ զե­տե­ղե­ցին տեղ­ւոյն նա­հա­տա­կաց յու­շար­ձա­նին, նաեւ ա­ղօթք ար­տա­սա­նուե­ցաւ նա­հա­տակ­նե­րուն հա­մար։

Իր ե­լոյ­թին մէջ Էր­տո­ղան յայտ­նեց, թէ այդ պա­տե­րազ­մի բո­լոր նա­հա­տակ­նե­րը կը վեր­յի­շէ յար­գան­քով։ Ան հա­մո­զուած է, թէ Կե­լի­պո­լուն յար­մա­րա­գոյն վայրն է՝ խա­ղա­ղու­թեան պատ­գամ փո­խան­ցե­լու հա­մար հա­մայն աշ­խար­հին։ «Այս­տեղ ներ­կայ բո­լոր եր­կիր­նե­րը կը նկա­տենք մեր բա­րե­կամ­նե­րը, ո­րոնք կը բաժ­նեն մեր կո­չը՝ որ­պէս­զի պա­տե­րազ­մի դա­րը վեր­ջա­նայ եւ խա­ղա­ղու­թեան դա­րը սկսի», ը­սաւ նա­խա­գա­հը եւ ընդգ­ծեց, որ Թուր­քիա ա­մէն տե­սակ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան պատ­րաստ է, որ­պէս­զի ներ­կայ դա­րը վե­րա­ծուի խա­ղա­ղու­թեան դա­րաշր­ջա­նի մը։ Ըստ Էր­տո­ղա­նի, հա­մաշ­խար­հա­յին կա­յու­նու­թեան եւ ան­դոր­րու­թեան հա­մար՝ բո­լոր եր­կիր­նե­րուն, մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն եւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ պէտք է բաժ­նուի հան­դուր­ժո­ղու­թեան եւ բա­րե­կա­մու­թեան կլի­ման։

Էր­տո­ղա­նի ե­լոյ­թէն վերջ խօսք առ­նող­նե­րու շար­քին ե­ղաւ նաեւ ար­քա­յազն Չարլզ, որ յայտ­նեց, թէ մեծ պա­տիւ կը զգար սոյն հան­դի­սու­թեան մաս­նակ­ցե­լով։

Կե­լի­պո­լուի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ Էր­տո­ղան «Սա­ւա­րո­նա» նա­ւուն մէջ պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք մը սար­քեց իր հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռա­ջած ղե­կա­վար­նե­րուն ի պա­տիւ, մինչ պտոյտ մըն ալ կա­տա­րուե­ցաւ Տար­տա­նէ­լի նե­ղու­ցին մէջ։

ՏԱ­ՎՈՒ­ՏՕՂ­ԼՈ­ՒԻ Ե­ԼՈՅ­ԹԸ

Միւս կող­մէ, Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Գո­նիա­յի մէջ։ Ան ը­սաւ, թէ 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րու 100-րդ տա­րե­լի­ցին բե­րու­մով կը փոր­ձուի զսպա­նա­կի մէջ առ­նել Թուր­քիան։ 100 տա­րի ա­ռա­ջուան հա­շուե­յար­դա­րին վրայ կ՚ա­նար­գուի Թուր­քիան։ «Մենք պատ­րաստ ենք ա­ռե­րե­սուե­լու մեր պատ­մու­թեան հետ, սա­կայն ո­րե­ւէ ձե­ւով տե­ղի չենք տար ա­նոնց, ո­րոնք ամ­բար­տա­ւա­նու­թեամբ կը մօ­տե­նան մե­զի», ը­սաւ վար­չա­պե­տը։

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2015