ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՀԵՏՔ
Աշխարհի բոլոր կողմերուն հայերը երէկ ոգեկոչեցին իրենց բիւրաւոր նահատակները, որոնք 1915 թուականէն դար մը անց կենդանի կը մնան իրենց յիշողութեան մէջ։ Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին առթիւ կատարուած բազմաթիւ ոգեկոչումներու մթնոլորտին մէջ բնականաբար առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան Երեւանի ոգեկոչումները։ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին, Հայոց Ցեղասպանութեան ձօնուած յուշահամալիրէն ներս կատարուած ոգեկոչումները միջազգային հանրութեան անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձան։
Ինչպէս հաղորդած էինք, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այս առթիւ հիւրընկալեց աշխարհի բազմատասնեակ երկիրներու կողմէ պատուիրակութիւններ։ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ ոգեկոչումներուն մասնակցեցան Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ, Սերպիոյ Նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչ եւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անաստասիատիս։ Արարողութիւններուն ներկայ էր նաեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Հայ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ միջեկեղեցական հիւրեր՝ գլխաւորութեամբ Ասորի եւ Ղպտի դաւանակից եկեղեցիներու պատրիարքներուն։
Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան յուշահամալիրին մօտ մի առ մի ձեռնուեցան հիւր բոլոր պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն հետ, որոնք իրենց խոնարհումը բերին հայոց նահատակներու յիշատակին առջեւ։
Հոգեւոր մեղեդիներու պայմանաւորած մթնոլորտին մէջ ելոյթներ ունեցան ներկայ հինգ նախագահները եւ Վեհափառ Հայրապետը։
Ոգեկոչումներէն վերջ, Սերժ Սարգսեան պաշտօնական ճաշով մը պատուեց օտարերկրեայ պատուիրակութիւններու ղեկավարները։ Պետական այս ճաշկերոյթին ընթացքին ան հանդէս եկաւ բաժակաճառով մը։
Միւս կողմէ, Երեւանի մէջ երէկ ալ տեղի ունեցաւ գիշերային ձեռնարկ մը։ «Սիստըմ օֆ է տաուն» խումբի նախընթաց օրուան համերգէն վերջ, երէկ ալ տեղի ունեցաւ աշխարհի 43 երկիրներու երաժիշտներէն բաղկացեալ «24/04» նուագախումբի համերգը Երեւանի Օփերային մէջ։