ՖՐԱՆՍՈՒԱ ՕԼԱՆՏ ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱՆՑԱՒ ՊԱՔՈՒ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ ա­ռան­ձին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի հետ, ո­րոնք մաս­նակ­ցե­ցան Ապ­րի­լի 24-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Փու­թի­նի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­մար կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թեամբ օ­րուան ըն­թաց­քին Ե­րե­ւա­նի մէջ գտուե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ։ Սարգսեան նշեց, թէ վեր­ջին օ­րե­րուն Փու­թի­նի կող­մէ հնչե­ցուած ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը՝ դաշ­նա­կից, եղ­բայր պե­տու­թեան մը ղե­կա­վա­րին յա­րիր խօս­քեր էին։ Սարգ­սեան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ 100 տա­րի ա­ռաջ Ռու­սաս­տա­նի, Ֆրան­սա­յի եւ Անգ­լիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան։

Իր կար­գին, Վլա­տի­միր Փու­թինն ալ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Սերժ Սարգսեա­նի կող­մէ ուղ­ղուած հրա­ւէ­րին հա­մար։ Ան կանգ ա­ռաւ եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­ռանձ­նա­յա­տուկ բնոյ­թին վրայ, ինչ որ ու­նի պատ­մա­կան շատ խոր ար­մատ­ներ։ «Մենք միշտ ե­ղած ենք մտե­րիմ դաշ­նա­կից­ներ, ե­ղած ենք եւ այդ­պէս կ՚ըլ­լանք ա­պա­գա­յին։ Այ­սօր մեր եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը զար­գա­նան։ Այժմ չեմ խօ­սիր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­սին, սա ինք­նին հասկ­նա­լի է, մենք ի­րա­րու կ՚ա­ջակ­ցինք մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րու վրայ։ Սեր­տօ­րէն կ՚աշ­խա­տին մեր ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը, մենք կը զար­գաց­նենք մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը հա­մարկ­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րու ո­լոր­տէն ներս եւ ու­րախ եմ, որ Հա­յաս­տան միա­ցած է Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան», ը­սաւ Փու­թին եւ ա­ւել­ցուց, թէ իրեն հա­մար շատ հա­ճե­լի է խօ­սիլ երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­բողջ հա­մա­լի­րին շուրջ։

Ֆրան­սուա Օ­լան­տի հետ տե­սակ­ցե­լու ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան մեծ պա­տիւ հա­մա­րեց Ե­րե­ւա­նի մէջ Ֆրան­սա­յի ղե­կա­վա­րը կրկին հիւ­րըն­կա­լե­լը։ Ըստ Սարգ­սեա­նի, Հա­յաս­տա­նի մէջ Ֆրան­սա­յի նա­խա­գա­հը շատ սի­րուած եւ սպա­սուած հիւր մըն է։ Սարգ­սեան մատ­նան­շեց, որ Հա­յաս­տան հպարտ է Ֆրան­սա­յի նման պե­տու­թեան մը հետ ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կած ըլ­լա­լու հա­մար։ Սարգ­սեան բարձր գնա­հա­տեց Օ­լան­տի կող­մէ ո­գե­կո­չում­նե­րուն ըն­թաց­քին փո­խան­ցուած պատ­գամ­նե­րը, ա­ռանց ո­րոնց ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը լիար­ժէք պի­տի չըլ­լա­յին։ Իր կար­գին, Օ­լանտն ալ յայտ­նեց, թէ կը զգայ, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ մաս­նակ­ցած է պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թեան մը։ Այդ բնոյ­թը պայ­մա­նա­ւո­րուած էր թէ՛ 100-րդ տա­րե­լի­ցով եւ թէ այն հան­գա­ման­քով, որ ո­գե­կոչ­ման բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը խա­ղա­ղու­թեան եւ յոյ­սի  պատ­գամ փո­խան­ցե­ցին այն ազ­գե­րուն, ո­րոնք պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին են­թարկուած են ճնշման ու կրած՝ դառ­նու­թիւն­ներ։

Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ տե­ղի ու­նե­ցած այս ա­ռանձ­նազ­րոյց­նե­րուն ա­ռըն­թեր, Ե­րե­ւա­նի մէջ ե­րէկ ա­ռանձ­նազ­րոյց մը ու­նե­ցան նաեւ Վլա­տի­միր Փու­թին եւ Ֆրան­սուա Օ­լանտ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ա­նոնք քննար­կած են մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի շարք մը հրա­տապ խնդիր­նե­րը, նե­րա­ռեալ Ուք­րայ­նոյ ճգնա­ժա­մը։

Ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ ու­նե­ցած շփում­նե­րէն վերջ, Ֆրան­սուա Օ­լանտ այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Պա­քու, ուր կը տե­սակ­ցի Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ, որ իր հեր­թին ե­րէկ ներ­կայ գտնուե­ցաւ Չա­նաք­քա­լէի ո­գե­կո­չում­նե­րուն։ Վեր­ջին օ­րե­րուն թրքա­կան կող­մը Փու­թի­նի եւ Օ­լան­տի Ե­րե­ւա­նի մէջ Ապ­րի­լի 24-ի ո­գե­կո­չում­նե­րու մաս­նակ­ցե­լու ե­րե­ւոյ­թը մեկ­նա­բա­նած էր նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի տե­սան­կիւ­նէն։ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու նշած էր, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ ե­րեք եր­կիր­նե­րէն եր­կու­քին նա­խա­գահ­նե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ գտնուի­լը շու­քի տակ կը թո­ղու ա­նոնց միջ­նոր­դա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ա­նա­չա­ռու­թիւ­նը։ Վար­չա­պե­տի այս խօս­քե­րուն ա­ռըն­թեր, Թուր­քիա ե­րէկ հաս­ցէա­կան քննա­դա­տու­թիւն­ներ ուղ­ղեց նաեւ Օ­լան­տին։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ կատա­րուած ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու բե­րու­մով յայտ­նուած բո­ղոք­նե­րու ծի­րին մէջ տեղ տուաւ նաեւ Օ­լան­տին։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, ար­դէն նա­խա­պէս ծրագ­րա­ւո­րուած ձե­ւով, Օ­լանտ այ­սօր Ե­րե­ւա­նէն կ՚անց­նի Պա­քու, ինչ որ ֆրան­սա­կան կող­մի՝ որ­պէս միջ­նորդ ան­կողմ­նա­կա­լու­թեան նկատ­մամբ նա­խան­ձախնդ­րու­թեան դրսե­ւո­րու­մը կը նկա­տուի մեկ­նա­բան­նե­րու կող­մէ։

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2015