100-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ… ԴԱՐՁԵԱԼ

Ապ­րի­լի 24-ին առ­թիւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 19.15-ին հեր­թա­կան ան­գամ սգա­հան­դէս մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Թաք­սի­մի հրա­պա­րա­կին վրայ։ 1915 թուա­կա­նէն դար մը անց, 100-րդ տա­րե­լի­ցին քա­ղա­քիս մէջ դար­ձեալ ո­գե­կո­չուե­ցան հա­յոց նա­հա­տակ­նե­րը։ Իս­թիք­լալ պո­ղո­տա­յի եւ հրա­պա­րա­կի գրե­թէ խա­չա­ձեւ­ման կէ­տին վրայ Ֆրան­սա­կան հիւ­պա­տո­սա­րա­նի մուտ­քին յա­րած տա­րած­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ լուռ նստա­ցոյ­ցը, ո­րուն մաս­նա­կից­նե­րը կը կրէին 100 տա­րի ա­ռաջ նա­հա­տա­կուած հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն դի­ման­կար­նե­րը։ Նստա­ցոյ­ցի մաս­նա­կից­նե­րուն միա­ցաւ նաեւ ու­րիշ խումբ մը, որ Կա­լա­թա­սա­րա­յէն մին­չեւ հրա­պա­րակ կարճ երթ մը ի­րա­կա­նա­ցուց։ Ե­րէ­կուան ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ի յայտ բե­րաւ նաեւ այն հան­գա­ման­քը, թէ Թուր­քիոյ մէջ հա­սա­րա­կա­կան շրջա­նակ­նե­րուն վե­րա­բեր­մուն­քը հետզ­հե­տէ կը խրա­խու­սէ հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ հար­ցաքննա­կան միտ­քը։

Հայ­կա­կան հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թե­նէն նմոյշ­ներ հնչե­ցին ե­րէ­կուան ո­գե­կոչ­ման ըն­թաց­քին, մինչ խորհր­դան­շա­կան փա­փաք­նե­րու ծա­ռի ճիւ­ղե­րուն վրայ բո­լո­րը կը կա­պէին լա­թի կտոր­ներ, ո­րոնց վրայ ար­ձա­նագ­րուած էին նա­հա­տակ­նե­րու ա­նուն­ներ կամ ցու­ցա­րար­նե­րու նախ­նի­նե­րու բնա­կա­վայ­րե­րուն ա­նուն­նե­րը։ Այս յու­զիչ մթնո­լոր­տին մէջ ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան՝ «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կոչ­ման հար­թակ»ին կող­մէ Նուր­ճան Քա­յա, «Project-2015»ին ա­նու­նով Հեղ­նար Ոա­թեն­փոկ եւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան Եւ­րո­պա­յի մաս­նա­ճիւ­ղի տնօ­րէն Նի­քո­լա Դա­ւի­թեան։

Միւս կող­մէ, ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ հա­կա­ցոյց մը, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րը յայտ­նե­ցին, թէ 1915-ին չէր կա­տա­րուած ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մը, այլ պաշտ­պա­նուած էր հայ­րե­նի­քը։

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2015