«ԱՈՒՐՈՐԱ» ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՓՆԵԿԻՐԸ՝ ՄԱՐԳԱՐԻՏ ՓԱՐԱՆԿԻՑԷ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ յանձ­նուե­ցաւ «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կը, ո­րու ա­ռա­ջին դափ­նե­կի­րը դար­ձաւ Մար­գա­րիտ Փա­րան­կի­ցէ (Պրուն­տի)։ Միւս թեկ­նա­ծու­ներն էին՝ Թոմ Քա­թի­նա (Սու­տան), Սաի­տա Ղու­լամ Ֆա­թի­մա (Փա­քիս­տան) եւ Հայր Պեռ­նար Քին­վի (Կեդ­րո­նա­կան Ափ­րի­կէի Հան­րա­պե­տու­թիւն)։ Մր­ցա­նա­կի դափ­նե­կի­րը ստա­ցաւ 100 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար պար­գեւ եւ նուի­րա­տուու­թեան շղթան շա­րու­նա­կե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն՝ 1 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի դրա­մաշ­նորհ ներ­կա­յաց­նե­լով զին­քը ո­գեշն­չած մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն։

Պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն յա­ռա­ջա­տար դէմ­քեր, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան մօ­տէն ծա­նօթ գոր­ծիչ­ներ։

«Աու­րո­րա» մրցա­նա­կը կը շնոր­հուի յա­նուն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը վե­րապ­րած­նե­րուն եւ ի ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն ա­նոնց, ո­րոնք փրկու­թեան ձեռք եր­կա­րած են հայ ժո­ղո­վուր­դին։ Մրցա­նա­կը կը շնոր­հուի մե­րօ­րեայ այն հե­րոս­նե­րուն, ո­րոնք կ՚օգ­նեն մար­դոց՝ անձ­նուի­րա­բար ու բա­ցա­ռիկ ջան­քե­րով։ Այս մրցա­նա­կը ա­մէն տա­րի Ապ­րի­լի 24-ին պի­տի շնոր­հուի Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Մար­գա­րիտ Փա­րան­քի­ցէի մրցա­նա­կը յանձ­նե­ցին դա­տա­կազ­մէն Ռու­բէն Վար­դա­նեան եւ Ճորճ Քլու­նի։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016