ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԲԻՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔ

Թուր­քիոյ մէջ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թե­նէն զա­նա­զան շրջա­նակ­ներ այս տա­րի եւս նշե­ցին Ապ­րիլ 24-ը։ Սա ար­դէն հե­տե­ւո­ղա­կան յար­գան­քի մը դրսե­ւո­րու­մը դար­ձած է։ Այս տա­րուան ո­գե­կո­չում­նե­րը կազ­մա­կեր­պուե­ցան «DurDe!» հար­թա­կի, EGAM-ին, Մար­դու ի­րա­ւանց միու­թեան եւ «Նոր Զար­թօնք»ին կող­մէ։ Մեծ Ե­ղեռ­նի զո­հե­րը վեր­յի­շուե­ցան Հայ­տար­փա­շա­յի կա­յա­րա­նին մօտ եւ Թիւ­նէ­լի հրա­պա­րա­կին վրայ կազ­մա­կեր­պուած ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով։ Ծա­նօթ է, որ այս տա­րի Թաք­սի­մի հրա­պա­րա­կին փո­խա­րէն Թիւ­նէ­լի հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցան ո­գե­կո­չում­նե­րը, ո­րոնց ըն­թաց­քին նուա­գուե­ցան հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշ­տու­թե­նէն գոր­ծեր, նաեւ ըն­թեր­ցուե­ցան նա­հա­տակ մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն ա­նուն­նե­րը։

Այս տա­րուան տար­բե­րու­թիւն­նե­րէն մին ալ ապ­րուե­ցաւ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու ի­մաս­տով։ Ար­դա­րեւ, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Եւ­րո­պա­յի մաս­նա­ճիւ­ղը կը գտնուէր Իս­թան­պու­լի ո­գե­կո­չում­նե­րու կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու շար­քին։ Այս տա­րի ՀԲԸՄ-ի Եւ­րո­պա­յի կա­ռոյ­ցի ա­նու­նը ար­դէն չկար կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան ցու­ցա­կին վրայ, սա­կայն վեր­ջին տա­րի­նե­րուն այդ աշ­խա­տան­քը հա­մա­կար­գած Նի­քո­լա Դա­ւի­թեան մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Թիւ­նէ­լի հրա­պա­րա­կի ո­գե­կոչ­ման։ Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցիէն Վե­րա­պա­տուե­լի Ռը­նէ Լե­ւո­նեանն ալ Թիւ­նէ­լի հրա­պա­րա­կին վրայ էր։ Այս տա­րուան ո­գե­կո­չում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան խիստ հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ, ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րէ անվ­տան­գու­թեան խիստ մի­ջոց­ներ ձեռք ա­ռած էին՝ ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար բնա­կա­նոն ըն­թաց­քը։ Սփիւռ­քէն եւս կա­յին դէմ­քեր, ո­րոնց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ըստ էու­թեան հա­մա­կար­գուած էր ֆրան­սա­հայ յայտ­նի գոր­ծիչ Սամ­սոն Էօ­զա­րա­րա­տի կող­մէ։

Թիւ­նէ­լի հրա­պա­րա­կին վրայ ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նա­կից­նե­րուն ա­նու­նով Է­մէլ Քուր­մա ըն­թեր­ցեց մամ­լոյ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը։ Ան այս առ­թիւ յայտ­նեց, թէ պե­տա­կան միտ­քը յա­ճախ կ՚ուղ­ղուի բռնու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու եւ այս հան­գա­ման­քի հիմ­նա­ւո­րում­նե­րուն ներ­թա­փան­ցե­լու հա­մար պէտք է հասկ­նալ ու­րաց­ման ա­ւան­դու­թիւ­նը։ Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ շեշ­տուած էր, թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը որ­քան որ սար­սա­փե­լի յան­ցա­գոր­ծու­թիւն մըն է, նոյն­քան եւ ծանր յան­ցա­գոր­ծու­թիւն մըն էր նաեւ ա­նոր ու­րա­ցու­մը, յան­ցա­գործ­նե­րու թաք­ցուի­լը, այդ ա­ղէ­տով չա­ռե­րե­սուի­լը եւ ա­ռե­րես­ման ջան­քե­րուն խո­չըն­դո­տուի­լը։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016