ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Հրա­տա­րակ­չա­կան բա­ժի­նը, օրհ­նու­թեամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի, լոյս ըն­ծա­յեց հո­գե­լոյս Տ. Վա­հան Ծ. Վրդ. Բաս­տա­մեան­ցի (1842-1881) կա­նո­նա­գի­տա­կան եր­կե­րու ժո­ղո­վա­ծոն։

Պատ­մա­բան Տքթ. Ա­զատ Բո­զո­յեա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս գիր­քին մէջ ներ­կա­յա­ցուած են «Ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րա­ւա­գի­տու­թիւն» դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րու տէ­րե­րը եւ հո­գե­լոյս հե­ղի­նա­կին կող­մէ գրի առ­նուած ու «Փորձ» ամ­սագ­րին մէջ ժա­մա­նա­կին հրա­տա­րա­կուած «Ա­մուս­նու­թիւ­նը ըստ հա­յոց ի­րա­ւա­բա­նու­թեան» աշ­խա­տու­թիւ­նը։ Հարկ է նշել, որ այս գոր­ծը հայ ի­րա­ւա­գի­տա­կան մտքի պատ­մու­թեան սկզբնա­ւո­րու­թեան հիմք կը հա­մա­րուի։

Բաս­տա­մեան­ցի ի­րա­ւա­գի­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րուն մէջ կա­րե­ւոր տեղ կը զբա­ղեց­նէ «Ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րա­ւա­գի­տու­թիւ­նը», որ մեր օ­րե­րուն հա­սած է Ե­րե­ւա­նի Մա­տե­նա­դա­րա­նէն ներս ի պահ դրուած ե­զա­կի ձե­ռագ­րին մի­ջո­ցաւ։ Երկ­րորդ աշ­խա­տու­թիւ­նը ա­մե­նա­յայտ­նի­նե­րէն մին է, ո­րով­հե­տեւ գոր­ծա­ծուած է ա­մուս­նու­թեան նիւ­թին հետ ա­ռըն­չա­կից հա­յա­գի­տա­կան գրե­թէ բո­լոր հրա­տա­րա­կուած աշ­խա­տու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Այս ար­ժէ­քա­ւոր ժո­ղո­վա­ծոն տպագ­րուած է «Սար­գիս Գաբ­րիէ­լեան» հիմ­նադ­րա­մի մե­կե­նա­սու­թեամբ։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016