ՄԵՏԱՅԼՆԵՐԸ ԱՐՑԱԽԻՆ ՆՈՒԻՐՈՂ ՄԵՐ ԱԽՈՅԵԱՆՆԵՐԸ

Ար­ցա­խի սահ­ման­նե­րուն վրայ հայ զի­նուորն ու կա­մա­ւո­րը Ապ­րի­լի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն սխրանք­ներ ար­ձա­նագ­րե­ցին, ա­զէ­րի յե­լու­զակ­նե­րը ետ մղե­ցին գրա­ւեալ տա­րածք­նե­րէ եւ հայ­կա­կան դրօ­շը վե­րա­հաս­տա­տե­ցին Թա­լի­շի, Մա­տա­ղի­սի ու շրջա­կայ դիր­քե­րու վե­րեւ:

Քա­նի մը օր ետք հայ մար­զիկ­ներ հայ­կա­կան դրօ­շը ծա­ծա­նե­ցին Նոր­վե­կիոյ մէջ ծան­րա­բար­ձու­թեան Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յենու­թեան մրցում­նե­րուն (10-16 Ապ­րի­լին). ա­նոնք շա­հե­ցան ոս­կեայ, ար­ծա­թեայ ու պրոն­զեայ մե­տայլ­ներ, հնչե­ցու­ցին մեր քայ­լեր­գը եւ ազ­դա­րա­րե­ցին, որ պատ­րաստ են քա­նի մը ա­միս ետք Ռիո­յի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք Ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն եւս կրկնե­լու հայ­կա­կան սխրան­քը:

Մե­տա­յլա­կիր­նե­րը ե­րի­տա­սարդ­ներ ու ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ են. հո­գեխ­ռով էր մա­նա­ւանդ յաղ­թա­կան­նե­րուն այն յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, թէ ի­րենց մե­տայլ­նե­րը կը նուի­րեն Ար­ցա­խին ու ա­նոր սահ­ման­նե­րը պաշտ­պա­նող զի­նուոր­նե­րուն: Ա­նոնք կը կո­չուին, տղոց խում­բե­րուն մէջ՝ Անդ­րա­նիկ Կա­րա­պետեան, Տիգ­րան Մար­տի­րո­սեան, Գոռ Մի­նա­սեան, իսկ աղջ­կանց խում­բե­րուն մէջ՝ Նա­զիկ Աւ­դա­լեան եւ Հռիփ­սի­մէ Խուր­շու­դեան: Մե­տայ­լա­կիր­նե­րուն կող­քին, ոչ ար­հա­մար­հե­լի ար­դիւնք­ներ ար­ձա­նագ­րե­ցին նաեւ ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ Վա­նիկ Ա­ւե­տի­սեան, Ա­ղա­սի Ա­ղա­սեան, Ա­ռա­քել Միր­զո­յեան, Սի­մոն Մար­տի­րո­սեան, եւ ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ՝ Ի­զա­պել­լա Եայ­լա­յեան, Քրիս­տի­նէ Պետ­րո­սեան, Սո­նիա Պօ­ղո­սեան եւ Ար­փի­նէ Տալ­լա­լեան: Ո՞վ գի­տէ. վեր­ջին­ներն ալ կրնան վա­ղը ի­րենց ա­նուն­նե­րը ար­ձա­նագ­րել մե­տայլա­կիր­նե­րու ցան­կին:

Ի դէպ, չենք ու­զեր ան­տե­սել այն հայ ծան­րա­բարձ­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց ա­նուն­նե­րը ար­ձա­նագ­րե­ցին այս մրցա­շար­քին, թէեւ կը կրէին Ռու­սաստանի, Ուք­րա­յնոյ, Ռու­մա­նիոյ եւ այլ եր­կիր­նե­րու շա­պիկ­նե­րը:

Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յաց­նող այս ե­րի­տա­սարդ­ներն ու ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րը ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ ի­րենց ա­նուն­նե­րը կ՚ար­ձա­նագ­րեն ա­խո­յեան­նե­րու տո­մար­նե­րուն վրայ: Այս հանգ­րուա­նին ու­շագ­րա­ւը այն է, որ ա­նոնք ի­րենց յաղ­թա­նակ­նե­րով մաս­նա­կից-հա­ղոր­դա­կից են ար­ցա­խեան ճա­կա­տում­նե­րուն:

Կ՚ար­ժէ, որ իւ­րա­քան­չիւր հայ ա­ւե­լի մօ­տէն ծա­նօ­թա­նայ այս հե­րոս­նե­րուն ու հե­րո­սու­հի­նե­րուն, ո­րոնք բարձր կը պա­հեն այն դրօշ­նե­րը, ո­րոնք քա­նի մը տաս­նա­մեակ ա­ռաջ բարձ­րա­ց-ւած էին Եու­րի Վար­դա­նեա­նի, Օգ­սէն Միր­զո­յեա­նի եւ աշ­խար­հահռ­չակ այլ ա­խո­յեան­նե­րու կող­մէ, այն հե­րոս­նե­րուն, ո­րոնք կը խա­ղա­յին աշ­խար­հի մրցա­նիշ­նե­րուն հետ: Ա­նոնք կը մրցէին խորհր­դա­յին դրօ­շի տակ, սա­կայն հայ էին ողն ու ծու­ծով:

Ժա­մա­նա­կա­կից ա­խո­յեան­նե­րէն կ՚ար­ժէ ա­ռանձ­նաց­նել գո­նէ մէ­կը՝ կիւմ­րե­ցի Նա­զի­կը, ո­րուն պատ­մու­թիւ­նը կա­րե­լի է նկա­տել կրկնա­կի սխրանք:

Նոր­վե­կիա­յէն Հա­յաս­տան վե­րա­դար­ձին, պատ­կե­րասփ­ռուած հար­ցազ­րոյ­ցի մը պա­հուն, ան յի­շե­ցուց, որ աշ­խար­հի 2009-ի ա­խո­յե­նու­թիւ­նը նուա­ճե­լէն տա­րի մը ետք, 2010-ին, Ե­րե­ւան-Կիւմ­րի ճամ­բուն վրայ ինք­նա­շար­ժի ծանր ար­կած մը ու­նե­ցած էր. ա­նոր ող­նա­սիւ­նը ծան­րօ­րէն վնա­սուած էր. վի­րա­բոյժ­նե­րը ստի­պուած էին մե­տա­ղեայ ցպիկ­նե­րով վե­րա­կազ­մել զայն: Բո­լո­րը կ՚ափ­սո­սա­յին, որ ե­րի­տա­սար­դու­հիին մար­զա­կան կեան­քը կան­խա­հա­սօ­րէն ա­ւար­տին հա­սած էր: Ան Հա­յաս­տա­նի ան­կախ հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող աշ­խար­հի ա­ռա­ջին ա­խո­յեա­նու­հին է:

Ա­խո­յեան­նե­րը դիւ­րու­թեամբ տե­ղի չեն տար: Ան վե­րա­կանգ­նած է, ա­մուս­նա­ցած, մայր դար­ձած է (մայր է նաեւ Հռիփ­սի­մէն) ու վերսկ­սած՝ փոր­ձե­րուն՝ ան­տե­սե­լով բժիշկ­նե­րուն ար­գելք­նե­րը: Եւ ա­հա, ան վերս­տին կը դառ­նայ ա­խո­յեան, կը նուա­ճէ Եւ­րո­պա­յի ոս­կի մե­տայ­լը՝ մին­չեւ 69 քկ. ծան­րու­թեան դա­սա­կար­գին մէջ, ա­պա­ցու­ցե­լով, որ միայն ա­նու­նով նա­զիկ է, իսկ կամքն ու մկան­նե­րը պող­պա­տեայ են:

… Կար ժա­մա­նակ, երբ մեր ե­րի­տա­սարդ­ներն ու պա­տա­նի­նե­րը քայլ առ քայլ կը հե­տե­ւէին Եու­րի­նե­րու, Օգ­սէն­նե­րու եւ այլ հայ հե­րոս­նե­րու նուա­ճում­նե­րուն, կ՚ապ­րէին ազ­գա­յին հպար­տու­թիւն: Այ­սօր այս ե­րի­տա­սարդ­նե­րը նո՛յն­քան հպար­տան­քի աղ­բիւր են ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ու ողջ հա­յու­թեան հա­մար:

Սպա­սենք ա­նոնց Ո­ղիմ­պիա­կան նուա­ճում­նե­րուն…

Ս. ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷ­ՃԵԱՆ

19 Ապ­րիլ 2016

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016