ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ՀԱՅԵԱՑՔ

1915-էն՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նութ­նէն 101 տա­րի վերջ, շա­բա­թա­վեր­ջին, ամ­բողջ աշ­խար­հի հա­յու­թիւ­նը յու­զում­նա­խառն հա­յեաց­քով վեր­յի­շեց իր պատ­մու­թեան մե­ծա­գոյն ար­հա­ւիր­քը։ Բիւր յար­գան­քով ու խոր եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն հա­յու­թիւ­նը խնդրեց իր Սուրբ նա­հա­տակ­նե­րուն բա­րե­խօ­սու­թիւ­նը։ Աշ­խար­հի հա­յաբ­նակ գրե­թէ բո­լոր քա­ղաք­նե­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցան ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնց ըն­թաց­քին վեր­յի­շուե­ցան հա­յոց Սուրբ նա­հա­տակ­նե­րը։

Ա­մէ­նու­րեք կազ­մա­կեր­պուած ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ, շա­բա­թա­վեր­ջին հայ ժո­ղո­վուր­դին ու­շադ­րու­թիւ­նը հեր­թա­կան ան­գամ կեդ­րո­նա­ցած էր Ե­րե­ւա­նի վրայ։ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի բար­ձուն­քը հեր­թա­կան ան­գամ մագ­նի­սա­ցուց հայ ժո­ղո­վուր­դին ու­շադ­րու­թիւ­նը, քա­նի որ ան հա­մազ­գա­յին սրբա­վայր մը կը հա­մա­րուի իր յու­շա­կո­թո­ղով, ուր վա­ռուած ան­մար կրա­կը կը ջեր­մաց­նէ բո­լո­րի հո­գին։

Հա­յոց Մեծ Ե­ղեռ­նի 101-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­րե­ւեա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ընդ­դէմ ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան» երկ­րորդ կլո­պալ ֆո­րու­մը, ո­րու բաց­ման ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։ Ֆո­րու­մը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը եւ ա­նոր յա­ջոր­դը 2018-ին դար­ձեալ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Իսկ ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը այ­ցե­լե­ցին Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ։ Ի­րենց միա­ցած էին Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին հե­րոս Շարլ Ազ­նա­ւուր եւ ար­տա­սահ­մա­նէն բազ­մա­թիւ հիւ­րեր, ո­րոնք վե­րո­յի­շեալ ֆո­րու­մին եւ «Աու­րո­րա» մրցա­նա­բաշ­խու­թեան առ­թիւ Ե­րե­ւա­նի մէջ էին։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին նա­խա­գա­հու­թեամբ այս­տեղ տե­ղի ու­նե­ցաւ կա­նո­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Նո­րին Սրբու­թեան հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ, Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դէն վերջ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ եւս տե­ղի ու­նե­ցան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ։

Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Ապ­րի­լի 24-ի իր պատ­գա­մին մէջ ը­սաւ. «Այ­սօր՝ 2016 թուա­կա­նի Ապ­րի­լի 24-ին, ես ի լուր աշ­խար­հի կը յայ­տա­րա­րեմ, որ Ար­ցա­խի մէջ պի­տի չըլ­լայ հա­յե­րու բնաջն­ջում կամ բռնա­գաղ­թե­ցում։ Հա­յե­րու նոր ցե­ղաս­պա­նու­թեան մենք թոյլ պի­տի չտանք։ Մենք ը­սե­լով՝ նկա­տի ու­նիմ հայ ժո­ղո­վուր­դը, ա­նոր բո­լոր հա­տուած­նե­րը, նկա­տի ու­նիմ հա­յոց միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը։ Այ­սօր, գլուխ խո­նար­հե­լով մեր ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կին առ­ջեւ, մենք կ՚ար­ձա­նագ­րենք մեր ժո­ղո­վուր­դի բա­ցա­ռիկ միաս­նա­կա­նու­թիւնն ու կամ­քը՝ կա­ռու­ցե­լու ա­զատ, խա­ղաղ ու ժա­մա­նա­կա­կից եր­կիր, հա­մայն հա­յու­թեան հզօր հայ­րե­նիք, ուր կը վե­րա­դառ­նան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու եւ հրաշ­քով փրկուած­նե­րու սե­րունդ­նե­րը»։

Իր պատ­գա­մին մէջ Սերժ Սարգ­սեան քննա­դա­տա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ հաս­ցէագ­րած էր նաեւ Թուր­քիոյ։ Ան այս կա­պակ­ցու­թեամբ նշեց հե­տե­ւեա­լը. «Այ­սօր մենք կ՚ո­գե­կո­չենք Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը։ Մեծ Ե­ղեռ­նէն ի վեր ար­դէն ան­ցած է դա­րէ մը ա­ւե­լի։ Ի՞նչ փո­խուած է։ Ա­ռա­ջի­նը՝ փո­խուած ենք մենք։ Մենք վե­րած­նած ենք որ­պէս ազգ եւ որ­պէս պե­տու­թիւն։ Մենք զմեզ եւ աշ­խար­հին ա­պա­ցու­ցա­նած ենք, որ թրքա­կան ցե­ղաս­պա­նա­կան ծրագ­րե­րը տա­պա­լուած են։ Ար­դա­րու­թեան յաղ­թա­նա­կի հա­մար մեր պայ­քա­րը կը շա­րու­նա­կուի։ Ի՞նչ չէ փո­խուած։ Չէ փո­խուած Թուր­քիոյ պաշ­տօ­նա­կան ժխտո­ղա­կան կե­ցուած­քը եւ թշնա­մա­կան վե­րա­բեր­մուն­քը հայ­կա­կան ա­մէն ին­չի հան­դէպ։ Սա յան­ցա­գոր­ծու­թեան ուղ­ղա­կի շա­րու­նա­կու­թիւնն է ար­դէն մեր օ­րե­րուն։ Մա­սամբ փո­խուած է թրքա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը։ Այ­սօր ան իր պատ­մու­թեան մա­սին գի­տէ ա­ւե­լին, քան գի­տէր ե­րէկ։ Վա­ղը պի­տի գիտ­նայ ա­ւե­լին, քան գի­տէ այ­սօր, ե­թէ ի հար­կէ չխեղ­դեն ա­զատ խօսքն ու մա­մու­լը, չգնդա­կա­հա­րեն եւ չձեր­բա­կա­լեն պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­նե­րը ու խմբա­գիր­նե­րը։ Ճշմար­տու­թիւ­նը թէեւ դան­դաղ, բայց կը բա­նայ մար­դոց աչ­քե­րը»։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016