ԱՆԳԱՐԱ ՅՈՒՍԱԽԱԲ ՉԷ ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓԷՆ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամփ հրա­պա­րա­կեց իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նի ա­ռա­ջին 24 Ապ­րի­լի պատ­գա­մը։ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը անակն­կա­լի մը չէ են­թար­կուած Տա­նըլտ Թրամ­փի պատ­գա­մին բե­րու­մով, ո­րով­հե­տեւ ա­նոր բո­վան­դա­կու­թեան մէջ 1915-ի դէպ­քե­րը չեն ո­րա­կուած որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ Թրամ­փի պատ­գա­մին մէջ նշուած է հե­տե­ւեա­լը. «Այ­սօր մենք կը յի­շենք ու կ՚ո­գե­կո­չենք 20-րդ դա­րու վատ­թա­րա­գոյն զան­գուա­ծա­յին վայ­րա­գու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն՝ Մեծ ե­ղեռ­նի տա­ռա­պանք­նե­րու բո­վով ան­ցած­նե­րը։ 1915 թուա­կա­նէն սկսեալ՝ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին, մէ­կու­կէս մի­լիոն հա­յեր զոհ գա­ցած են տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րու, կո­տո­րած­նե­րու ու մա­հուան եր­թե­րու։ Ես կը միա­նամ ա­մե­րի­կա­հայ հա­մայն­քին եւ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան՝ սգա­լու կոր­սուած մարդ­կա­յին ան­մեղ կեան­քե­րու եւ բա­զում տա­ռա­պանք­նե­րու վիշ­տը։

«Մտո­րե­լով մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան այս մռայլ դրուա­գին շուրջ, մենք նաեւ ար­ժա­նին կը մա­տու­ցենք հայ ժո­ղո­վուր­դի անն­կուն ո­գիին։ Շա­տե­րը նոր կեանք կեր­տե­ցին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ եւ ի­րենց անջն­ջե­լի ներդ­րու­մը ու­նե­ցան մեր երկ­րէն ներս՝ ի­րենց սրտին մէջ վառ պա­հե­լով յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քի մա­սին, ուր ա­նոնց նախ­նի­նե­րը կեր­տած էին հնա­գոյն հզօր քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րէն մին։

«Մենք պէտք է յի­շենք վայ­րա­գու­թիւն­նե­րը, որ­պէս­զի թոյլ չտանք ա­նոնց կրկնու­թեան։ Մենք կ՚ող­ջու­նենք ցա­ւա­լի ան­ցեա­լի փաս­տերն ըն­դու­նե­լու եւ ա­նոնց հետ հա­շուի նստե­լու ջան­քե­րը, ո­րոնց կը ձեռ­նար­կուին հա­յե­րու եւ թուր­քե­րու կող­մէ՝ որ­պէս ա­ռա­ւել ար­դար ու հան­դուր­ժո­ղա­կան ա­պա­գա­յի մը հա­մար հիմ­քեր նա­խա­պատ­րաս­տե­լու յոյժ կա­րե­ւոր քայլ»։

­Մինչ այդ, ե­րէկ աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րուն մէջ հա­յե­րը նշե­ցին Ապ­րի­լի 24-ը։ Սփիւռ­քա­հա­յու­թեան բնա­կած զա­նա­զան եր­կիր­նե­րուն մէջ ո­գե­կո­չում­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին նաեւ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Փա­րի­զի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ, որ հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2017