ԱՌԵՐԵՍՄԱՆ ԿՈՉԵՐ

Ե­րէկ, Ապ­րի­լի 24-ի առ­թիւ ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան քա­ղա­քիս մէջ։ Այս տա­րի եւս, ժա­մը 19.15-ին, Թիւ­նէ­լի հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ նստա­ցոյց մը։ «24 Ապ­րի­լի ո­գե­կոչ­ման հար­թակ»ին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած սգա­հան­դէ­սի մաս­նա­կից­նե­րը 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րու զո­հե­րը վեր­յի­շե­ցին՝ տու­տու­կի յու­զում­նա­խառն մե­ղե­դի­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ։ Սգա­հան­դէ­սի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն կող­մէ պատ­րաս­տուած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ըն­թեր­ցուե­ցաւ լրագ­րող-հրա­պա­րա­կա­գիր Մու­րատ Չե­լիք­քա­նի կող­մէ։ Նո­րայր Օլ­կարն ալ ըն­թեր­ցեց այդ թուա­կա­նին մա­հուան տա­ր-ւած­նե­րուն ա­նուն­ներն ու աս­պա­րէզ­նե­րը։

Չե­լիք­քա­նի կող­մէ ըն­թեր­ցուած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կը բո­վան­դա­կէր 1915-ին ապ­րուած­նե­րուն հետ ա­ռե­րես­ման կո­չեր։ Շեշ­տուե­ցաւ, որ ժո­ղո­վուրդ մը ոչն­չա­ցուած է իր ամ­բողջ մշա­կոյ­թով, հուժ­կու հա­րուա­ծի մը են­թար­կուած է հա­մա­կե­ցու­թեան մշա­կոյ­թը։ Հա­յոց նման ոչն­չա­ցուե­ցան ա­նոնց թո­ղած մշա­կու­թա­յին հետ­քե­րը։ Հա­զա­րա­ւոր պատ­մա­կան շէն­քեր, ե­կե­ղե­ցի­ներ ու դպրոց­ներ փլա­տա­կի վե­րա­ծուե­ցան գի­տակ­ցա­բար։ Ըստ յայ­տա­րա­րու­թեան, վե­րա­բեր­մուն­քը ե­ղաւ այն­պէս, թէ կար­ծես այս հո­ղե­րուն վրայ եր­բեք չէին ապ­րած հա­յե­րը։ Այս բո­լո­րը, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, սե­րունդ­ներ շա­րու­նակ Թուր­քիոյ մէջ ա­ռանձ­նու­թիւն մը յա­ռա­ջա­ցու­ցին։ Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կոչ ուղ­ղուե­ցաւ նե­րո­ղու­թիւն խընդ-րե­լու՝ ա­ռանց սպա­սե­լու 103-րդ տա­րե­լի­ցին։

Միւս կող­մէ, Թիւ­նէ­լի հրա­պա­րա­կէն ո­րոշ հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ նոյն ժա­մե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ հա­կա­ցոյց մը, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րը բո­ղոք յայտ­նե­ցին ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան դէմ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2017