ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵՆՍԱՆՈՐՈԳ ԼՈՅՍԸ ՅԱՅՏՆԵԱԼ ԿԱՆԱՉԻ ԸՆԴՄԷՋԷՆ
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
Մեր եկեղեցական օրացոյցին համաձայն կը շարունակենք ապրիլ զատկական ուրախութիւնը։ Զգալ կը շարունակենք Քրիստոսի կենսանորոգ յարութեան աւետիսին կենսաբոյր զօրութիւնը։
Յինանց շրջանի կիրակիները աւանդաբար կը ճանչցուին ժողովրդականացած գոյներով, որոնց ընդմէջէն հաղորդ կը դառնանք Սուրբ Յարութեան գունագեղ շրջանի պայծառութեան։ Այս սուրբ պայծառութիւնը այլափոխեց խաւարը ներկայացնող սեւ գոյնը՝ սպիտակի։ Ծանօթ իրականութիւն է, թէ սեւ գոյնը կը յառաջանայ բոլոր գոյներու կլանումով։ Այդ կլանումը կը խորհրդանշէ խաւարը եւ մահը։ Սպիտակ գոյնը կը ցոլացնէ բոլոր գոյները։ Սուրբ Գերեզմանը, պրիսմակի մը նմանողութեամբ յարութեան լոյսը կը տարբաղադրէ եւ մենք այլ գոյներու կարգին կը վայելենք կանաչի ներկայութիւնը։ Որքան հեշտ է վայելել լոյսի բաղկացուցիչ գոյներէն կանաչի երեւումը։ Կանաչը վերակենդանութեան խորհրդանշանն է։ Տերեւաթափին յաջորդող գարնան դալարազուարճ տեսարանը որքան կ՚ուրախացնէ մեզ։ Ոչ միայն կը սիրենք մշտադալար բառը, այլ նաեւ մշտադալար ծառերը։ Գարնան կանաչազարդ տեսարանին ընդմէջէն հաղորդ կը դառնանք նորոգութեան խորհուրդին։ Կը յիշենք, թէ ակնթարթի մը մէջ Աստուած գիտէ մեր մարմնին քանի քանի բջիջները կը նորոգուին, ապահովելով մեր կենսունակութիւնը։
Այս կիրակի Կանաչ կիրակի է։ Յինանց այս շրջանին երբ կը տօնենք յայտնուած կեանքի եւ յարութեան ճշմարտութիւնը, կանաչ գոյնին ընդմէջէն կը յիշենք «խոստացուած յաւիտենական եւ անանց կեանքը, պատրաստուած՝ աշխարհի սկիզբէն բոլոր սուրբերուն համար»։
Սուրբ Գիրքէն կը կարդանք «Ղեւիին տանը կողմէն տրուած Ահարոնի գաւազանին ծաղկումը եւ ծլարձակելը, ծաղիկ բանալը եւ նուշեր հասցնելը» (Թուոց, 17.7-8) որ Աստուծոյ օրհնութեան ներկայութիւնն էր։ Ահարոնի ծաղկեալ գաւազանը որ կը ներկայացնէր քահանայութիւնը, դրուած էր Ուխտի Տապանակին մէջ։ Հին Ուխտի Տապանակը Նոր Ուխտի Եկեղեցին է։ Եւ այս կիրակի կեանքը խորհրդանշող կանաչի առընթեր ունի իր պաշտօնական անունը՝ որ է «Աշխարհամատրան կիրակի», առընչուած՝ եկեղեցւոյ գաղափարին հետ։ Աշխարհամատուռը, առաքեալներու հիմնած քրիստոնէական առաջին մատուռն էր, կից՝ Սիոնի վերնատան։ Այս մատուռին սահմանները այնքան ընդլայնուած էր, որ տարողութիւնը ունէր համայն աշխարհը պարփակելու։
Բնականաբար վերնատան այս տեսանելի մատուռը փոխակերպուեցաւ համայն Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ Մայր Տաճարին, իր անտեսանելի բարոյական խորհուրդով։ Այս մատուռն էր, ուր հաստատուեցաւ Սուրբ Պատարագի Խորհուրդը, սիրտը՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ։ Այս մատուռը եղաւ այն սուրբ վայրը, ուր յարուցեալ Փրկիչը երկու անգամ առաքեալներու խումբին միջեւ յայտնուեցաւ փառաւորեալ մարմնով։ Այս մատուռը Քրիստոսի երկինք համբառնալէն յետոյ եղաւ առաքեալներու խումբին հաւաքավայրը եւ բնակարանը։ Այս մատուռին մէջ կը յայտնաբերուէր առաքեալներու խումբի միութիւնը։ Անոնք «բոլորը միասիրտ, յարատեւօրէն աղօթքի մէջ էին կիներուն եւ Յիսուսի մօրը՝ Մարիամին ու անոր եղբայրներուն հետ» (Գործք, 1.14)։ Առաքեալներու այս միասնականութիւնը կը ներկայացնէ Սուրբ Եկեղեցին՝ Քրիստոսի Մարմինը։ Կը յիշենք Քրիստոսի խօսքը. «Եթէ ձեզմէ երկուքը միաբանին երկրի վրայ ոեւէ խնդրանքի համար, ինչ որ ալ խնդրեն, պիտի կատարուի իրենց համար իմ Հօրս կողմէ, որ երկինքն է։ Որովհետեւ ուր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած ըլլան իմ անունով՝ ես այնտեղ եմ, անոնց մէջ»։ (Մատթէոս, 18.19-20)։ Այս մատուռը կը մարմնաւորէ այն Եկեղեցին, որուն գլուխն է Քրիստոս։ Այս Եկեղեցին կը ներկայացնէ այն միութիւնը, զոր կեանքի կոչել կը ջանան եկեղեցիներ մերօրեայ պայմաններուն մէջ։ Միջեկեղեցական յարաբերութեանց բարւոք ընթացքը ներկայիս կը դրսեւորէ միասնականութեան ոգին, Աստուծոյ յարմար դատած ժամանակին կեանքի կոչելու համար ցանկալի միութիւնը։ Որովհետեւ Քրիստոսի Մարմինը՝ Եկեղեցին հոգեւոր հաւաքման վայրն է բոլոր անոնց, որոնք ըստ Պօղոս առաքեալի բառերուն «Յիսուս Քրիստոսով Աստուծոյ որդիներ են հաւատքի միջոցով։ Քանի որ ամէնքը Քրիստոսով մկրտուելով, Քրիստոսը հագած են» եւ այս առումով ալ «խնդրոյ առարկայ չէ խտրութիւն ո՛չ Հրեայի, ո՛չ հեթանոսի, ո՛չ ծառայի եւ ո՛չ ազատի, ո՛չ արուի եւ ո՛չ էգի. քանի որ ամէնքը մէկ են Քրիստոս Յիսուսով» (Գաղատացիս, 3.26-28)։ Նոյն Պօղոս առաքեալը եկեղեցւոյ մէջ այլազան դէմքերու ներկայութիւնը եւ հակառակ այդ այլազանութեան եկեղեցւոյ մէկ մարմին կազմած ըլլալը կը հաստատէր ըսելով. «Ինչպէս որ մէկ է մարմինը եւ ունի շատ անդամներ, եւ մարմնի այդ շատ անդամները, բոլորը մէկ մարմին են, այնպէս ալ Քրիստոս. քանզի մէկ Հոգիով մէ՛կ մարմին ըլլալու մկրտուեցանք մենք ամէնքս, թէ՛ Հրեաներ, թէ՛ հեթանոսներ, թէ՛ ծառաներ, թէ՛ ազատներ. եւ ամէնքս ալ այդ մէ՛կ Հոգին խմեցինք։ Այսպէս մարմինը մէկ անդամ չէ, այլ՝ շատ» (Ա. Կորնթացիս, 12.12-14)։
Եկեղեցւոյ միութիւնը մենք կ՚ապրինք Սուրբ Պատարագի մատուցման ընթացքին, երբ կը հասնի ողջոյնի պահը։ Եկեղեցւոյ Սուրբ Սեղանին առջեւ իւրաքանչիւր հաւատացեալ կ՚ապրի իր շուրջը գտնուող ի Քրիստոս հաւատացեալ քոյրերուն եւ եղբայրներուն ներկայութիւնը. «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ, որ Էնն Աստուած աստ բազմեցաւ. Խաղաղութեան ձայն հնչեցաւ. Սուրբ ողջունի հրաման տուաւ։ Եկեղեցիս մի անձն եղեւ. Համբոյրս յօդ լրման տուաւ…»։ Որքան կարօտցած ենք ապրելու այս պահը, քանի որ ծանօթ համաճարակի բերմամբ զրկուած ենք առաջի Աստուծոյ Սուրբ Սեղանին յայտարարելէ մեր հաւատքի միութիւնը, նաեւ միասնաբար արտասանելէ «Հաւատոյ Հանգանակ»ը։ Անհամբերութեամբ եւ աղօթքով կը սպասենք, որ վերջանայ այս արտակարգ վիճակը եւ ըստ նախընթացի կարենանք զգալ մեր հաւատքի տուներուն երդիքին տակ հաւաքուած ըլլալու հոգեւոր ուրախութիւնը։
Աշխարհամատրան խորհուրդը մեզ Վերնատունէն առնելով փոխադրեց մեր օրերուն։ Աշխարհամատուռը մշտադալար է ու մշտադալար մնալու զօրութիւնը կ՚առնէ Սուրբ Պատարագի Խորհուրդէն։ Աշխարհամատուռը դարեր շարունակ իր մէջ գործող Աստուածային ներկայութեան հաղորդ դարձուցած է հաւատացեալ հոգիները։ Աշխարհամատրան կիրակիի շարականին բառերը կու գայ յիշեցնել, թէ Քրիստոս խոստացած էր իր եկեղեցին հաստատել Պետրոս առաքեալի «Դուն Քրիստոսն ես, կենդանի Աստուծոյ Որդին» դաւանական արտայայտութեան վրայ (Մատթէոս, 16.17-18)։ Սուրբ առաքեալներ շարունակեցին մնալ վերնատան սրբութեան մէջ։ Իրենց աղօթանուէր կեանքի օրինակով կը հրաւիրուինք Աստուծոյ փառքին ընծայուած տաճարներուն մէջ փառաւորել Երկնաւոր Հայրը, որ մեր փրկութեան համար ղրկեց Իր Միածին Որդին, որպէս Փրկիչ աշխարհի։
Քաղցր է վայելել Տիրոջ ներկայութիւնը։ Նաեւ վայելել վերնատան խորհուրդին հետ անխզելի կապով մը կապուած ըլլալու զգացումը։ Յարութեան տաղաւարի օրհնեալ այս օրերուն փարինք մեր մկրտութեան ուխտերուն եւ շարունակենք հաւատքով կրել Աստուածպաշտութեան քաղցր լուծը, որ հաւատարմութեան նշանն է Աստուծոյ ծառայելու մեր պարտքին։
Աստուծոյ օրհնութիւնը անպակաս ըլլայ մեր բոլորին վրայէն։ Զատկական ուրախութեամբ շարունակենք փառքը երգել Յարութեան հրաշքին, որով նոր կեանք շնորհուեցաւ մեզի. Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։ Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով, մեզ զկեանս պարգեւեաց. Նմա փառք յաւիտեանս ամէն։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
21 ապրիլ 2020, Գատըգիւղ