ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան առաջնութիւնը, որ պսակուեցաւ բացառիկ յաջողութեամբ։ «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ մրցաշարքը, որ տեւեց շուրջ շաբաթ մը։ Հայաստանի հաւաքականը նուաճեց չորս ոսկի, չորս արծաթ եւ հինգ պրոնզէ մետայլ։ Ընդհանուր առմամբ, հաւաքականը 13 մետայլի տիրացաւ, ինչ որ խմբային դասաւորման մէջ առաջին հորիզոնականը ապահովեց անոր։ Մարզասէրներն ալ մեծ ուշադրութեան առարկայ դարձուցին այս մրցաշարքը։

Եւրոպայի Ծանրաբարձութեան դաշնակցութեան նախագահ Անթոնիօ Քոնֆլիթի Հայաստանի պատկան կառոյցները յատուկ պարգեւատրման արժանացուց՝ մրցաշարքը լաւագոյնս կազմակերպած ըլլալու համար։  

Երեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2023