ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Իրանի եւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ եռակողմանի ձեւաչափով քաղաքական խորհրդակցութիւն մը, որ առաջինն էր իր նմաններու շարքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մնացական Սաֆարեան։ Միւս պատուիրակութիւնները առաջնորդեցին Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Հարաւային Ասիոյ գլխաւոր վարչութեան պետ Սէյիտ Ռեսուլ Մուսաւի եւ Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Տարածքային գլխաւոր վարչութեան պետ Ճիթենտէր Փալ Սինկհ։

Քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան տնտեսական, տարածաշրջանային հաղորդակցային ուղիներուն վերաբերեալ հարցեր։ Նախանշուեցան մշակութային եւ միջմարդկային կապերու խորացման եւ զանազան ոլորտներէ ներս եռակողմանի համագործակցութեան հեռանկարները։ Կողմերը պայմանաւորուեցան շարունակել համագործակցութիւնը՝ միտուած եռակողմանի ձեւաչափով խորհրդակցութիւններուն։  

Երեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2023