ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ
Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Սուրիոյ եւ Իրանի միջեւ քառակողմանի բանակցութիւնները այսօր կը շարունակուին Մոսկուայի մէջ։ Այս անգամուան ժողովը պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով կազմակերպուած է։ Այս ձեւաչափը կը գործարկուի, ըստ էութեան, Անգարա-Դամասկոս առանցքին վրայ բնականոնացում ապահովելու նպատակով։
Երէկ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց, որ այսօր Մոսկուայի մէջ նախատեսուած հանդիպման ի շարունակութիւն կ՚ակնկալւին կարգ մը դրական իրադարձութիւններ։ «Տարածաշրջանային խաղաղութեան նպաստելու համար Թուրքիա իրմէ կախեալ բոլոր ջանքերը կը գործադրէ։ Մենք չենք գրաւեր այնպիսի դիրք մը, որ կրնայ նեղ կացութեան մատնել սուրիացի մեր եղբայրները։ Մեր նպատակն է Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած սուրիացիները իրենց բնակարանները վերադարձնել կամաւոր, անվտանգ ձեւով, անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծումէն վերջ», ըսաւ Հուլուսի Աքար եւ շեշտեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով Թուրքիոյ վճռակամութիւնը։
Նախորդ անգամ պաշտպանութեան նախարարներու եւ յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարներուն միջեւ կազմակերպուած եռակողմանի հանդիպումէն վերջ, այս անգամ Իրանն ալ ներգրաւուած է բանակցութիւններուն։ Հուլուսի Աքարի խօսքով՝ Անգարայի նպատակն է առկայ խնդիրները բանակցութիւններու ճանապարհով կարգաւորել եւ ժամ առաջ խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն բերել տարածաշրջանին։
Մոսկուայի այսօրուան բանակցութիւնները տեղի կ՚ունենան Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի տանտիրութեամբ։
Հարկ է նշել, որ յաջորդ ամսուան սկիզբին ալ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում մը նախատեսուած է նոյն քառակողմանի ձեւաչափին մէջ։