ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ԲՈՂՈՔ

Ապրիլի 24-ի առթիւ երէկ աշխարհի չորս ծագերուն տեղի ունեցան ոգեկոչման արարողութիւններ։ Համայն հայութիւնը վերյիշեց իր սուրբ նահատակները՝ մինչ աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ օտար շրջանակներ հերթական անգամ արտայայտեցին իրենց զօրակցութիւնն ու համերաշխութիւնը անոնց նկատմամբ։ Երեւանի մէջ, Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը օրուան տեւողութեան ծով բազմութեան մը ժամադրավայրը հանդիսացաւ։ Մեծ եղեռնի նահատակներուն առջեւ իրենց խոնարհումը բերելու համար փութացած էին նաեւ օտարերկրեայ պատուիրակութիւններ։

Աշխարհի բազմաթիւ մայրաքաղաքներէն պատգամներ հնչեցին եւ այս ամբողջին մէջ այս տարի եւս մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Ուաշինկթընը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն այս տարի եւս 1915-ի դէպքերը որակեց ցեղասպանութիւն։ Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցները կը շեշտեն, որ Սպիտակ տան կողմէ հրապարակուած պատգամին մէջ արդէն երկու անգամ օգտագործուած է այդ եզրոյթը։

Ոգեկոչումներուն զուգահեռ Անգարան ալ հերթական անգամ բարձրաձայնեց իր բողոքը։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը։ «Դարձեալ բեմահարթակի վրայ են այն քաղաքական շառլաթանները, որոնք կը ջանան պատմութիւնը աղաւաղել», նշեց ան։ Նոյն գրառման մէջ նախարարը շեշտեց, որ քաղաքական յայտարարութիւններով անկարելի է պատմութիւնը վերախմբագրել։ Անոնք, որոնք կը յամառին այս ընթացքին մէջ, պիտի վերյիշուին իրենց երկերեսութեամբ եւ յետին նպատակներով։ «Ոեւէ մէկու չափին սահմանին մէջ չէ վսեմ թուրք ազգին պատմութեան դաս տալը», նշեց Չավուշօղլու։

Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հակազդեց կարգ մը կառավարութիւններու կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ 1915-ի դէպքերուն շուրջ կը կատարուին իրականութեան հետ եւ միջազգային իրաւունքի հետ անկապակից տխուր յայտարարութիւններ, որոնք պատմութիւնը քաղաքական մղումներով վերախմբագրելու ուղղեալ ի չիք ջանքեր կը համարուին։ «Ոեւէ մէկը կամ որեւէ կառոյց չի կրնար սեփական պատմութեան մասին դաս տալ Թուրքիոյ», նշուեցաւ նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, Ապրիլի 24-ին Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերթական անգամ վերյիշեց այն թուրք դիւանագէտները, որոնք նահատակուած են՝ թիրախ դառնալով ԱՍԱԼԱ-ի ահաբեկչութիւններուն։

Միւս կողմէ, Ապրիլի 24-ի առթիւ երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին նախագահութեամբ։ Ս. Գայիանէ վանքի արարողութենէն վերջ, Վեհափառ Հայրապետն ու հոգեւոր հայրերը մայրավանքի համալիրէն ներս համախմբուեցան Ցեղասպանութեան յուշակոթողին շուրջ։

Օրուան տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը բարձրաստիճան հոգեւորականներու ուղեկցութեամբ այցելեց նաեւ Ծիծեռնակաբերդ, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղեց յուշահամալիրին մօտ։ Նորին Սրբութեան հանդիսապետութեամբ մշտավառ կրակին շուրջ տեղի ունեցաւ նաեւ բարեխօսութեան կարգ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2023