Երկուշաբթի 20, Յունուար 2025
ՊԱՏՈՒՈՅ ՏՈՔԹՈՐԻ ԿՈՉՈՒՄ
Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանը պատուոյ տոքթորի կոչում շնորհեց Ֆրանսայի յայտնի մասնագէտներէն փրոֆ. Էրվէ Ֆերնանտեսին։ Այս վերջինը Փարիզի «Քրեմլեն-Պիսեթրէ» համալսարանական մանկաբարձա-կնախտաբուժական հիւանդանոցին գլուխը կը գտնուի։ Իրեն այս պատուոյ կոչումը շնորհուած է համալսարանի գիտական խորհուրդին որոշումով։
Ֆրանսացի գիտնականին համապատասխան վկայականը յանձնուեցաւ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի վերատեսուչ Արմէն Մուրատեանի կողմէ։
Հարկ է նշել, որ ֆրանսացի գիտնականը երկար տարիներէ ի վեր մասնագիտական գետնի վրայ կը համագործակցի եւ իր փորձառութիւնը կը փոխանցէ հայ գիտնականներուն։
Վկայականի յանձնման հանդիսաւոր արարողութենէն վերջ Էրվէ Ֆերնանտես հանդէս եկաւ դասախօսութիւնով մը։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2023