ՊԱՅՏԸՆԻ 24 ԱՊՐԻԼԻ ՊԱՏԳԱՄԻ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ ԱՆԳԱՐԱ ՅԻՇԵՑՈՒՑ ԵՄԻԱ-Ի ՎՃԻՌԸ

Երէկ, համայն հայութիւնը 24 Ապրիլի առթիւ աշխարհի չորս ծագերուն կազմակերպեց ոգեկոչման արարողութիւններ։ Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներն ալ հրապարակեցին պատգամներ՝ քաղաքական կամ հասարակական գործիչներով, զանազան կառոյցներով, երեսփոխաններով, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներով եւ այլ մակարդակի դէմքերով հանդերձ։ Ուաշինկթընի կողմէ այս տարի հրապարակուած պատգամը հերթական անգամ Անգարայի հակազդեցութեան պատճառ դարձաւ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ապրիլ 24-ի պատգամին մէջ 1915-ի դէպքերը հերթական անգամ որակեց ցեղասպանութիւն։ Թուրքիան անմիջապէս արձագանգեց՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան միջոցաւ զգալի դարձնելով իր հակազդեցութիւնը։

Ճօ Պայտըն Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին առթիւ հրապարակեց պատգամ մը, որ լայն արձագանգ գտաւ աշխարհի հանրային կարծիքին մօտ։ Սպիտակ տունէն հրապարակուած պատգամին մէջ նշուեցաւ հետեւեալը.

«Այսօր մենք կանգ կ՚առնենք՝ յիշելու համար Մեծ եղեռնի՝ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ կորսուած կեանքերն ու վերահաստատելու երբեք չմոռնալու մեր խոստումը։ Դաժանութեան արշաւը սկսաւ 1915 թուականի ապրիլի 24-ին, երբ Օսմանեան իշխանութիւնները Պոլսոյ մէջ ձերբակալեցին հայ մտաւորականներն ու համայնքի ղեկավարները։ Յետագայ օրերու, ամիսներու եւ տարիներու ընթացքին մէկուկէս միլիոն հայեր տեղահանուեցան, կոտորուեցան կամ մահուան երթի դուրս եկան՝ ընդմիշտ կոտորուած թողելով ընտանիքներ ու յաւերժ փոխելով սերունդներ։ Մինչ մենք կը սգանք այս ողբերգութիւնը, մենք նաեւ կը պատուենք հայ ժողովուրդի տոկունութիւնը։ Մարդկութեան պատմութեան ամենամութ գլուխներէն մէկը ապրելէ յետոյ՝ վերապրածները սկսան կառուցել աւելի լաւ ապագայ մեր աշխարհին համար։ Քաջութեամբ եւ նուիրուածութեամբ անոնք վերակառուցեցին իրենց կեանքը։ Անոնք պահպանեցին իրենց մշակոյթը։ Անոնք ամրապնդեցին երկիրներու կառուցուածքը ամբողջ աշխարհի մէջ՝ ներառեալ նաեւ մեր երկրին մէջ։ Եւ անոնք պատմեցին իրենց պատմութիւնները՝ վստահ ըլլալով, որ 109 տարի առաջ այսօրը սկսուած զանգուածային կոտորածները այլեւս երբեք չեն կրկնուիր։ Սա կը մնայ մեր հանդիսաւոր ուխտը։ Այսօր եւ ամէն օր Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ պաշտպանել մարդու իրաւունքները եւ հանդէս գալ ընդդէմ անհանդուրժողականութեան։ Մենք ատելութեանն ու սարսափին պիտի շարունակենք պատասխանել յոյսով ու ապաքինմամբ։ Եւ մենք պիտի շարունակենք կողքին կանգնիլ բոլոր անոնց, որոնք կը փնտռեն ապագայ, ուր բոլորը կրնան ապրիլ արժանապատուութեամբ, անվտանգ եւ յարգանքով»։

ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

Պայտընի այս յայտարարութեան եւ միջազգային բեմահարթակի վրայ բարձրաձայնուած վերաբերմունքներու լոյսին տակ Թուրքիան ալ հերթական անգամ յառաջ քշեց իր տեսակէտները։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, ուր նշուեցաւ հետեւեալը. «Շարք մը արմատական շրջանակները գոհացնելու նպատակով 1915 թուականի դէպքերուն մասին կատարուած միակողմանի յայտարարութիւնները կը համարենք մերժելի։ Պատմական իրողութիւնները աղաւաղած այս յայտարարութիւնները խոտոր կը համեմատին միջազգային իրաւունքին»։

Յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեանը յստակօրէն արձանագրած է, թէ 1915-ի դէպքերը օրինական վէճի նիւթ կը համարուին։

Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ շահագրգիռ կողմերուն կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի բոլորը զօրավիգ կանգնին Թուրքիոյ կողմէ առաջարկուած համատեղ պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու առաջարկին, նաեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024