ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՊԱՏՐ ԱԼ ՏԻՆԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԾԱՆՐ ՀԱՐՈՒԱԾ «ՀԻԶՊՈՒԼԼԱՀ»ԻՆ
Լիբանանեան լրատուական աղբիւրներ վերջերս կը փոխանցէին «Հիզպուլլահ» կուսակցութեան կարեւորագոյն ղեկավարներէն համարուած Մուսթաֆա Պատըր Ալ Տինի սպանութեան լուրը: Բօթը կը փոխանցուէր նախ «Հիզպուլլահ»ի բանբեր հանդիսացող կայաններուն, ապա կը տարածուէր ամբողջ արաբական մամուլին կողմէ: 2008 թուականէն ի վեր «Հիզպուլլահ» իր չորրորդ առաջնորդն էր, որ կը կորսնցնէր Սուրիոյ մէջ: 2008 թուականին կուսակցութեան գլխաւոր զինուորական պատասխանատուն՝ Իմատ Մուղնիյէն, որ յայտնի է Հաժ Ռատուան անունով, զոհ կ՚երթար բաւականին մութ պայմաններու տակ եղած պայթումի մը, Դամասկոսի իրանցիներու կարեւորագոյն շրջան համարուած թաղամասերէն մէկուն մէջ: Իսկ աւելի ուշ՝ 2015 թուականին նոյն ղեկավարի որդին՝ Ժիհատ Մուղնիյէն եւս կը սպաննուէր: Այս սպանութիւններուն վերջընթեր օղակը Սամիր Ալ Քընթարի սպանութեան դէպքն էր (Դեկտեմբեր, 2015), որուն թաքստոցին վրայ իսրայէլեան օդուժին կատարած գրոհին հետեւանքով կը զոհուէին նաեւ իրանցի բարձրաստիճան պատասխանատուներ:
Լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանի վերլուծաբանին կարծիքով՝ Սուրիոյ պատերազմի այս հանգրուանին եղած Պատըր Ալ Տինի սպանութիւնը աւելիով կը բարդացնէր ընդհանուր տեսարանը: Շրջանային մէկէ աւելի երկիրներու համար հիմնական թատերաբեմ դարձած Սուրիան այսօր նոյնպէս հանդիսացած է տարբեր հաշիւներ մաքրելու կեդրոնատեղին: Անցնող Շաբաթ առաւօտ մինչ «Հիզպուլլահ» կը յայտարարէր, թէ Պատըր Ալ Տինի սպանութիւնը եղած է իսլամամէտ խմբաւորումներու կողմէ, անդին Սուրիոյ ընդդիմութեան «Մարդկային իրաւանց դիտարան»ը հերքելով «Հիզպուլլահ»ի հրապարակած վարկածը՝ կը յայտնէր, որ այդ խմբաւորումները նոյն ժամերուն Դամասկոսի օդակայանին մօտ գնտուող Պատըր Ալ Տինի կեդրոնատեղիին ուղղութեամբ հրթիռարձակումներ չեն կատարած: Արաբական տարբեր աղբիւրներ խօսելով դէպքին մասին կարծիք յայտնած են, թէ տեղի ունեցածը բարձր մակարդակի գործողութիւն մըն է եւ արգասիքն է ամերիկեան-իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւններու համագործակցութեան: Նոյն ծիրին մէջ «Լիբանանի ձայն» կայանին փոխանցմամբ՝ Պատըր Ալ Տին պայթումէն կէս ժամ առաջ իր կեդրոնատեղին համարուած շէնքին մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի «Ալ Քուտս» փաղանգի ղեկավար զօրավար Քասէմ Սուլայմանիին հետ: Շրջանառութեան մէջ դրուած այս լուրերը կը մնան վարկած ըլլալու ընդհանուր շրջագծին մէջ այնքան ատեն, երբ դէպքին մանրամասնութիւնները չեն բացայայտուած:
Ո՞Վ ԷՐ ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՊԱՏԸՐ ԱԼ ՏԻՆ
Սեղմ տողերու մէջ Մուսթաֆա Պատըր Ալ Տինի մասին հիմնական տուեալներ ներկայացնելով պէտք է ըսել, որ անոր անունը վերջին շրջանին կապուած էր Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հետ, տրուած ըլլալով, որ նահատակ վարչապետին սպանութեան գործը քննող միջազգային դատարանը մեղադրագիր մը հրապարակելով այլ անձերու կողքին կը նշէր նաեւ անոր անունը, որպէս ահաբեկչական գործողութիւնը իրականացնող հիմնական մեղադրեալ: 1961 թուա-կանին Պէյրութի Ալ Ղըպայրի շրջանին մէջ ծնած Պատըր Ալ Տին, իսրայէլեան ուժերուն դէմ իր զինուորական գործունէութեան սկսած էր 1982 թուականին՝ միանալով պաղեստինեան «Ֆաթըհ» շարժումի «թիւ 17 ուժեր» միաւորումին: Աւելի ուշ ան կը միանար «Հիզպուլլահ»ին եւ կարեւոր գործունէութիւն կը ծաւալէր նաեւ Լիբանանէն դուրս: 1983 թուականին Քուէյթի մէջ եղած երկու ահաբեկչական պայթումերէն անմիջապէս ետք՝ ամերիկեան եւ ֆրանսական դեսպանատան դէմ, Պատըր Ալ Տին կը մեղադրուէր ու կը բանտարկուէր տեղւոյն իշխանութիւններուն կողմէ: 1990 թուականին Քուէյթի դէմ իրաքեան ներխուժման օրերուն Պատըր Ալ Տին կը յաջողի խոյս տալ բանտէն ու Պէյրութ գալով կը ստանձնէ «Հիզպուլլահ»ի արտաքին հարցերու համակարգողի պաշտօնը: Աւելի վերջ ան տարբեր պատասխանատու պաշտօններ կը ստանձնէ կուսակցութենէն ներս, մասնաւորապէս դառնալով «Հիզպուլլահ»ի առաջին քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլայի խորհրդականը: Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութենէն վերջ եւ խնդրին գծով կազմուած Միջազգային դատարանի շրջանակներուն մէջ Պատըր Ալ Տինի անունը ուրիշ երեք այլ անձերու կողքին, որպէս մեղադրեալ շրջանառութեան մէջ կը դրուի: Այդ օրերուն Պատըր Ալ Տին ստանձնած էր կուսակցութեան զինուորական հարցերու գերագոյն պատասխանատուի պաշտօնը՝ փոխարինելով Իմատ Մուղնիյէն:
ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ
Պատըր Ալ Տինի սպանութենէն ետք արեւմտեան մամուլի երեւելի ներկայացուցիչներ կարեւոր բաժին տալով դէպքին՝ գրեցին, թէ եղածը ծանր հարուած մը կը համարուի «Հիզպուլլահ»ին եւ թէ այս հարուածը անցնող տարիներուն ընթացքին աննախընթաց հարուած մըն է: Իր կարգին, բրիտանական BBC-ին կը սփռէր վերլուծական լրատուութիւն մը, ուր կը յայտնէր, թէ հաւանականութիւններ կան, թէ Պատըր Ալ Տին սպաննուած է Հալէպի Խան Թուման շրջանին մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին, երբ զինեալ խմբաւորումները յաջողած են ծանր հարուածներ տալ սուրիական ուժերուն եւ անոնց նեցուկ կանգնող «Հիզպուլլահ»ին եւ իրանեան միլիսներուն:
Ամէն պարագայի այս բոլոր ենթադրութիւններէն անդին յստակ է, որ Իսրայէլ-«Հիզպուլլահ» «բաց հակամարտութեան» փուլի այս ժամանակներուն եղածը դիւրին մարսուելիք դէպք մը չէ, մանաւանդ «Հիզպուլլահ»ին համար, որ յայտնուած է մեծ ճնշումներու տակ:
Չմոռնանք, որ այդ ճնշումները սկիզբ առին յատկապէս Արաբական ծոցի երկիրներու եւ իսլամական գագաթի շրջանակներուն մէջ, ուր «Հիզպուլլահ» համարուեցաւ ահաբեկչական խմբաւորում: Այդ յայտարարութիւնները գետնի վրայ խօսքի սահմանները անցնելու ուժ չունին, բայց եւ այնպէս վերջին օրերուն ամերիկեան ճիգերով «Հիզպուլլահ»ի դրամական բոլոր աղբիւրները վերահսկելու կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել չորցնելու ճիգերը կրնան լուրջ տագնապի մատնել շրջանին մէջ Իրանի թիւ մէկ լծակ եղող այս կազմակերպութիւնը: Այս առումով ուշագրաւ դէպքեր կրնան գրանցուիլ մասնաւորապէս Լիբանանի մէջ, ուր Միացեալ Նահանգներ մեծ ճնշումներ կը կիրառեն տեղական դրամատուներու վրայ «Հիզպուլլահ»ի դրամական ունեցուածքը վերահսկելու համար: Տակաւին չենք խօսիր այն հարիւրաւոր շիի գործարարներուն մասին, որոնք յայտնուած են ամէն պահու Սէուտական Արաբիայէն եւ Ծոցի երկիրներէն վտարուելու վտանգին տակ «Հիզպուլլահ»ին հետ համագործակցելու մեղադրանքով:
Շրջանին մէջ եւ մասնաւորապէս Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ եղած դէպքերը յարաբերութիւններու նոր ուղեծիր մը կը գծեն: Ու այսօր սիւննի տէրութիւններուն համար գլխաւոր հակառակորդը Իսրայէլը չէ, այլ Իրանը, որուն դէմ սիւննի աշխարհը անուղղակի մարտեր կը մղէ Դամասկոսի, Հալէպի եւ Լաթաքիոյ տարբեր հատուածներուն մէջ:
Չենք կրնար հաստատել, որ Պատր Ալ Տինի սպանութիւնը եղած է այս ծիրին մէջ, բայց եւ այնպէս մէկ բան յստակ է, որ նման որակով եւ կարեւորութիւն ներկայացնող զինուորական գործիչի մը «խաղէն դուրս դրուիլ»ը կը կատարուի առնուազն շրջանային համաձայնութեամբ:
Սուրիոյ ընդդիմութիւնը այսօր յայտնուած է բաւականին ծանր դրութեան մը մէջ: Բացի անկէ, որ ընդդիմադիր ջոկատները բաժնուած են քանի մը «գլուխներու» յստակ է նաեւ, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին ծայրայեղականներու կողքին նոյնպէս, որպէս «չափաւորական» համարուած ընդդիմադիր խմբաւորումները մեծ կորուստներ ունեցան Սուրիոյ մէջ:
Այս տեսակէտէն դիտուած այս սպանութիւնը կը միտի դրական յոյս մը տալ ընդդիմադիրներուն ու միւս կողմէ գոհացում պատճառել Իսրայէլին ու Արաբական ծոցի երկիրներուն, որոնց համար՝ մասնաւորապէս Քուէյթի, Պատըր Ալ Տին կը համարուի ահաբեկիչ վտանգաւոր տարր:
Այս ընդհանուր պատկերին առջեւ, յստակ է նաեւ, որ տարբեր կողմերու շահերու խաչաձեւումին հետեւանքով Պատըր Ալ Տինի նման գործիչներու սպանութեան համար շրջանային ուժերու «կանաչ լոյս»ին ապահովումը կը դառնայ աւելի հեշտ արարք մը:
Միջին Արեւելքի բոլոր ծայրերը հասնող սուրիական տագնապին ազդեցութիւններուն կողքին՝ Միացեալ Նահանգներ այսօր նախաձեռնած են ուժեղ պայքար մը տանիլ շիի «Հիզպուլլահ»ին դէմ: Այս պայքարի հիմնական նպատակը Իսրայէլին յաւելեալ հանգիստ շնորհելն է: Ու քանի որ Սուրիոյ մէջ զինուորական լուծարումներ կատարելու հնարաւորութիւնները աւելի կատարեալ են, ապա ակնկալելի է, որ նման արիւնալի սպանութիւններ շարունակուին:
Տեղի պիտի տա՞յ «Հիզպուլլահ» այս ծանր ճնշումներուն դիմաց, տակաւին պարզ չէ, սակայն յստակ է նաեւ, որ շրջանային ուժ դարձած այս կառոյցը կարեւոր խաղաքարտեր ունի ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ նոյնպէս՝ Սուրիոյ, Իրաքի եւ նոյնիսկ Եմէնի մէջ:
«Հիզպուլլահ»ի կազմակերպուածութեամբ գործող կառոյցներու համար անհատները կարեւոր նշանակութիւն չունին: Անոնք ընդհանուր գործին լծակներն են ու պատրաստուած ծրագիրներու կատարողն ու կրողը: Այդ կարեւոր օղակներէն մին էր Մուսթաֆա Պատր Ալ Տինը, որ արդէն իր սպաննուած պահուն դադրած էր «Հիզպուլլահ»ի զինուորական թիւ մէկ պատասխանատուն ըլլալէ եւ փոխարինուած՝ ուրիշով մը, որուն անունը ցարդ կը մնայ անյայտ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան