ՎԱՆԻ ՄԷՋ 6 ՆԱՀԱՏԱԿ
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը երէկ բռնարարք մը կատարեց այն ցամաքուղիին վրայ, որ կը միացնէ Վանի Չալտըրան եւ Աղրըի Տողուպէյազըտ գաւառակները։ Ճանապարհի երթեւեկութիւնը արգելափակած ահաբեկիչները Սողուքսուի շրջանէն ներս հրկիզեցին տասն բեռնատարներ։
Անվտանգութեան ուժերը անմիջապէս գործողութեան ձեռնարկեցին։ Անոնց անցքին ժամանակ ահաբեկիչները պայթեցուցին նախապէս ճանապարհին զետեղուած ռումբերը։ Դժբախտաբար վեց զինուորներ նահատակուեցան այս դէպքին ընթացքին։ Երկու զինուոր ալ վիրաւորուեցաւ եւ անոնցմէ մէկուն կացութիւնը կը համարուի ծանր։
Միւս կողմէ, Մարտինի Նուսայպին գաւառակին մէջ ալ ահաբեկիչներու կողմէ լարուած ծուղակի մը հետեւանքով պատահեցաւ պայթում մը։ Թէ՛ այս դէպքին եւ թէ՛ անոր յաջորդած գործողութիւններուն ընթացքին վիրաւորուեցաւ տասն զինուոր։