ԲԵԿՈՒՄՆԱՅԻՆ ՔԱՅԼ
Պատրիարքական ընտրութեան առկախեալ գործընթացէն ներս երէկ բեկումնային պահ մը ապրուեցաւ։ Աթոռին շուրջ ստեղծուած առկայ անելի ընդհանուր պայմաններուն ու տրամաբանութեան տեսանկիւնէն ճակատագրական քայլ մը առաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ինչպէս հաղորդած էինք, պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս վերջին օրերու կլիմայի փոփոխութեան լոյսին տակ Նորին Սրբազնութիւնը պահը հասունցած կը նկատէր՝ Աթոռին ղեկը յանձնելու համար Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին։ Այսպէս, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հրաւէր-նամակ մը ուղարկեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին, որ ներկայիս կը գտնուի Քէօլն։ Ընդհանուր փոխանորդը տեղեկացուց, որ պատրաստ է Աթոռին ղեկը յանձնել ընտրեալ-տեղապահին՝ որպէսզի ժամ առաջ սկսի նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը։ Նոյնպէս երէկ, Պատրիարքարանի դիւանը յետմիջօրէի ժամերուն հրապարակեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ստորագրութեամբ յայտարարութիւն մը։ Թէ՛ Քէօլն ուղարկուած նամակի բովանդակութեան եւ թէ այժմու կացութեան արժեւորման, ապագայի վերաբերեալ տրամադրութիւններուն բացատրութիւնները պարունակեց այս յայտարարութիւնը։ Մեր յարակից սիւնակին մէջ ամբողջութեամբ ներկայացուած է սոյն յայտարարութիւնը, որ կը համարուի պատմական։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան իր առած քայլին շուրջ անմիջապէս տեղեկութիւն փոխանցեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ի տես այս իրադարձութեան՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ալ երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ թէ՛ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ թէ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ։ Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ստեղծուած կացութեան համար եւ երկու սրբազաններուն փոխանցեց իր օրհնութիւնները, որպէսզի անոնք ջանք ու եռանդ չխնայեն պատրիարքական ընտրութեան հարցին լուծումը ի կատար ածելու համար։
Այս զարգացումը երէկ կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ մեր համայնքէն ներս ու շատ լայն արձագանգ ստեղծեց նաեւ հայաշխարհին, նաեւ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Մեր համայնքը այժմ կը սպասէ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի ժամանման։ Այժմու կանխատեսումներով Նորին Սրբազնութիւնը շուրջ տասն օրուան ընթացքին պիտի հասնի քաղաքս։ Ընտրեալ-տեղապահը երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ, գնահատեց իր կողմէ ներդրուած ջանքերը եւ այս առթիւ անոր տեղեկացուց, որ Քէօլնի իր գործերը կարգի դնելով՝ տասն օրուան ընթացքին պատրաստ կ՚ըլլայ Իսթանպուլ գալու։
Մինչ այդ, Պետրոս Շիրինօղլու երէկ ալ օրուան տեւողութեան շփման մէջ էր Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինի հետ։
Պետրոս Շիրինօղլու մեզի յայտնեց, որ երէկ դարձեալ այցելած է կուսակալութիւն, ուր տեսակցած է Իսթանպուլի կուսակալին հետ։ Կէսօրուան ժամերուն համընկնած է այդ տեսակցութիւնը եւ այդ պատճառաւ չէ կրցած մասնակցիլ Պատրիարքարանի խորհրդակցութեան։ Յետմիջօրէին ալ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Վասիփ Շահինի միջեւ տեղի ունեցած է հեռախօսազրոյց մը։
Պատկան իշխանութիւնները ուշադրութեամբ կը հետեւին այժմու իրադարձութիւններուն, քանի որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի յառաջիկայ փուլերուն մեր համայնքի ներկայացուցիչները համակարգուած ձեւով պիտի աշխատին անոնց հետ։