ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ ստորագրուած հրամանագրով՝ երէկ Արտակ Դաւթեան նշանակուեցաւ Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ։ Մինչ այդ, այս պաշտօնը կը վարէր Մովսէս Յակոբեան, որ նշանակուեցաւ գլխաւոր ռազմական տեսուչ։

Ուրբաթ, Մայիս 25, 2018