ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2017 թուականի մրցանակներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Շարք մը բնագաւառներէ ներս ապահովուած յատկանշական արդիւնքերու համար շնորհուեցան մրցանակներ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի առընթեր մրցանակաբաշխման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ սփիւռքահայ բարերար Ալպերթ Պօղոսեան՝ որպէս ներկայացուցիչ «Ռոպերթ Պօղոսեան եւ որդիներ» հիմնադրամի։ Ինչպէս ծանօթ է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մրցանակները կը շնորհուին վերոյիշեալ հիմնադրամի, նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով։ Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս երկու հիմնադրամներուն, ինչպէս նաեւ դատակազմի անդամներուն։ Ան ջերմ շնորհաւորութիւններ յղեց դափնեկիրներուն։ Նախագահը մասնաւորապէս ըսաւ. «Մենք կ՚ապրինք երրորդ հանրապետութեան մէջ, որ իրականութեան մէջ ստեղծուած է 100 տարի առաջ»։

Այս տարուան մրցանակակիրներու շարքին կը գտնուին «Ֆօթօլուր» լուսանկարչական գործակալութեան երկու երիտասարդ յայտնի լուսանկարիչները՝ Վահրամ եւ Հայկ Պաղտասարեան եղբայրները։

Ուրբաթ, Մայիս 25, 2018