ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանէ, Վրաստանէ եւ աշխարհէ ներս կրօնի կամ համոզմունքի ազատութեան արդի հիմնախնդիրներուն վերաբերեալ համաժողով մը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս մասնակցեցաւ այս համաժողովի բացման, որու  ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Ձեռնարկի մասնակիցներու շարքին էին Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան, Երեւանի եւ Թիֆլիզի մօտ Հոլանտայի դեսպան Եոս Տաումա, Երեւանի մօտ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող Շոմպի Շարփ, Եւրոասիոյ համագործակցութեան հիմնադրամի ընդհանուր տնօրէն Գէորգ Տէր-Գաբրիէլեան եւ այլք։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ալ այս հաւաքին մասնակցեցան Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։

Իր ելոյթին մէջ Նիկոլ Փաշինեան  նշեց, որ կրօնի ազատութիւնը ամենակարեւոր ազատութիւններէն մին է։ «Կրօնի ազատութիւնը, ի հարկէ, մարդու ազատութիւնն է։ Կրօնի նկատմամբ մարդու ազատութիւնը ամենակարեւոր ազատութիւններէն մին է եւ սա կ՚առընչուի ուղիղ այն բոլոր արժէքներուն հետ, որոնք համընդհանուր կերպով այսօր ճանչցուած են մարդկութեան կողմէ՝ ժողովրդավարութիւնը, թափանցիկութիւնը, մարդու իրաւունքները, ազատութիւնները, արդարութիւնը եւ այսպէս շարունակ», ըսաւ հաւաքի ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան։

Միեւնոյն ժամանակ, վարչապետը աւելցուց, որ Հայաստանէ ներս ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու ինքնութեան պահպանումը երաշխաւորուած է։

Շաբաթ, Մայիս 25, 2019