«ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ» ՍԱԿԱԳԻՆ

Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Թուրքիա-Ատրպէյճան համագործակցութիւնը քաղաքական հարթութեան վրայ հասած է գերազանց մակարդակի մը, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, առեւտրատնտեսական գետնի վրայ եղբայրական երկու երկիրները այս շրջանին կը դիմագրաւեն շարք մը դժուարութիւններ։ «Սապահ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Ատրպէյճան թրքական բեռնատարներու տարանցիկ անցքի պարագային չափազանց բարձր սակագիներ սահմանած է այս շրջանին։ Մեթին Ճանի ստորագրութեամբ լոյս տեսած լրատուութեան մէջ տեղ գտած են նաեւ Միջազգային բեռնափոխադրողներու միութեան ռազմավարութեան եւ գործարար զարգացման բաժնի ղեկավար Ֆաթիհ Շէնէրի յայտարարութիւնները։ Ուշագրաւ է, որ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ընդհանուր հաւասարակշռութիւններուն մէջ բաւական «իշխանամէտ» դասուած լրատուամիջոց մը արձագանգ հանդիսացած է այս խնդրին։

Ներկայ հարցը Թուրքիայէն դէպի Կեդրոնական Ասիա բեռնափոխադրումներու ընդհանուր ծիրին կը վերաբերի։ Արդարեւ, քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով Թիւրքմենիստան փակած է իր սահմանները եւ Թուրքիա տարանցիկ բեռնափոխադրումներու համար Իրանի այլընտրանքէն օգտուելու կարելիութիւնը կորսնցուցած է։ Այս պայմաններուն ներքեւ ինքնաբերաբար ի յայտ եկած է Ատրպէյճանի ուղղութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, Ֆաթիհ Շէնէրի բացատրութիւններով, այս պարագային Ատրպէյճանի չափազանց գումարներու պահանջով դէմ յանդիման մնացած են թուրք բեռնափոխադրողները։ Թրքական բեռնատարներու 90 տոկոսը պարտաւորուած են ուրիշ ուղղութիւններ որդեգրել։ Ֆաթիհ Շէնէր նշած է, որ այս խնդիրը յառաջացած է երկրի մը հետ, որ եղբայր կ՚ընկալուի Թուրքիոյ կողմէ։ Ստեղծուած իրավիճակը սկսած է վնաս հասցնել դէպի Ասիոյ երկիրներ իրականացուած արտածման։ Թրքական բեռնատարներու տարանցիկ անցքերուն համար Ատրպէյճանի կողմէ սկսած է պահանջուիլ 300-750 ամերիկեան տոլարի սահմանի գումար։

Ըստ Շէնէրի բացատրութիւններուն, Թուրքիա օտար երկիրներու բեռնատարներէն որեւէ գումար չի պահանջեր։ Որոշ երկիրներու պարագային փոխադարձութեան սկզբունքներ կը գործեն, սակայն Ատրպէյճանի փոխադրամիջոցները զերծ են այդ գործադրութենէն։ Կարեւոր խնդիրներէն մին ալ այն է, որ խնդրոյ առարկայ գումարները մի միայն Թուրքիոյ պարագային կը պահանջուին Ատրպէյճանի կողմէ։ Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Ղազախիստանի նման երկիրներու գլխաւորութեամբ, Ատրպէյճան բեռնափոխադրումներու պարագային որեւէ վճարում չի պահանջեր եւ անոնց բեռներն ալ չի դասեր՝ որպէս օտարերկրեայ բեռ։

Յիշեալ թերթը շօշափած է նաեւ շարք մը վարորդներու կարծիքը, ըստ որոնց յաւելավճարներու առընթեր, թէ՛ Նախիջեւանի եւ թէ Ատրպէյճանի մէջ կը յառաջանան դիւանակալական խոչընդոտներ։ Մասնաւորապէս պաշտօնեաները բարեկամական վերաբերմունքէ բաւական հեռու կը վարուին վարորդներուն հետ, որոնցմէ անարդար գումարներ կը պահանջեն։ Ֆաթիհ Շէնէր յիշեցուցած է, որ Եւրոպայի երկիրներն ալ թրքական բեռնատարներէն տարանցիկ անցքի համար գումարներ կը պահանջեն։ Ըստ վերջին սակագիներուն, Պուլկարիա 86 եւրօ, Յունաստան 100 եւրօ, Ռումանիա 238 եւրօ կը պահանջէ իւրաքանչիւր բեռնատարէ։

Վերոյիշեալ աղբիւրները կը մատնանշեն, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան տնտեսական յարաբերութիւններու պարագային ակնկալուած արդիւնաւէտութեան մակարդակէն հեռու կը մնան։ 2019 թուականին Թուրքիա 1.78 միլիառ ամերիկեան տոլար արժողութեամբ արտածում կատարած էր դէպի Ատրպէյճան։ Ներածումը կազմած է 411 միլիոն ամերիկեան տոլար։ 2020 թուականին համաճարակի ալ ազդեցութեամբ այդ ցուցանիշները քիչ մը աւելի իջած են։ Երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը գերազանցած է 2 միլիառ տոլարի շեմը եւ Թուրքիոյ արտաքին առեւտուրին մէջ Ատրպէյճան 39-րդ հորիզոնականը կը զբաղեցնէ։

Երեքշաբթի, Մայիս 25, 2021