ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Լեհաստանի նախագահ Անտրզէժ Տուտան։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորուեցաւ հիւր ղեկավարը։ Նախագահ Էրտողանի կողքին էին կառավարութեան անդամներ եւ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Երկու նախագահները ունեցան առանձնազրոյց մը, գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Թուրքիա-Լեհաստան համագործակցութիւնը այս շրջանին նոր հարթութեան մը վրայ դրուած է՝ մասնաւորապէս ռազմական բնագաւառի վերաբերեալ ծրագրերով։ Լեհաստան վերջերս անօդաչու թռչող սարքեր ձեռք բերած է Թուրքիայէն։ Այսպէսով Թուրքիա առաջին անգամ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկրի մը արտածած է իր անօդաչու թռչող սարքերը։ Երէկ նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ այս երեւոյթը պատմականօրէն աննախընթաց է։ Անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան տեսակէտէ Թուրքիա աշխարհի լաւագոյն երեք-չորս երկիրներէն մին է։ «Հպարտ ենք, որ մեր այս ընդունակութիւնն ու փորձառութիւնը կը բաժնենք ՆԱԹՕ-ի մեր դաշնակից Լեհաստանին հետ», ըսաւ Էրտողան։

Երեքշաբթի, Մայիս 25, 2021