ԶԱՐԻՖ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՊԱՔՈՒ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրադարձութիւնները տարածքաշրջանէ ներս նոր վիճակի մը ծնունդ տուած են։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ արդէն լարուածութիւնը չի պակսիր Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ։ Վերջին օրերուն վրայ հասած է նաեւ Ատրպէյճանի զօրքերու կողմէ Հայաստանի սահմանի խախտումը զանազան կէտերէ։ Մասնաւորապէս Սիւնիքի պարագային այս բոլորը անմիջականօրէն կը հետաքրքրեն նաեւ Իրանը։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման հարցերու վերաբերեալ խնդիրները, յաճախ արձագանգ գտած միջանցքի վերաբերեալ պնդումները կրնան ուղղակիօրէն պայմանաւորել Հայաստանի եւ Իրանի ցամաքային կապը։ Վերջերս արդէն պաշտօնապէս հրապարակուած էր, որ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան նոր յայտարարութիւն մըն ալ կը պատրաստուի սահմանազատման հարցերուն շուրջ։ Ճիշդ է, որ Արցախի երկրորդ պատերազմին ժամանակ Թեհրան այդպէս ալ որեւէ աջակցութիւն չտուաւ հայկական կողմին, իսկ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ ողջունեց Պաքուի յաղթանակը, սակայն, տարածքաշրջանէ ներս իրերու դրուածքին բերումով՝ սահմանազատման խնդիրները չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունին յառաջատար դերակատարներուն տեսակէտէ։ Հայաստանի ձախողած իշխանութիւնը այս պահուն ի վիճակի չէ երկրի շահերը լիարժէք պաշտպանելու, իսկ Ատրպէյճանի ճնշումները կրնան այնպիսի իրավիճակի մը ծնունդ տալ, որ Հայաստան-Իրան կապը կրնայ վտանգուիլ։ Այս բոլորը կը վերաբերի նաեւ տարածքաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, ինչ որ տեղ գտած է նաեւ Արցախի երկրորդ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան մէջ։

Ատրպէյճանի զօրքերու Հայաստան մուտքով եւ սահմանազատման նոր յայտարարութեան մը վերաբերեալ հրապարակումներով ուղղորդուած այժմու իրավիճակին մէջ Թեհրան արդէն շարժման անցած է։ Իրանի ղեկավարութեան կողմէ քանի մը օր առաջ յայտարարութիւններ կատարուած էին, թէ Հայաստանի հետ սահմաններու հաւանական փոփոխութիւնը անընդունելի է։ Ի շարունակութիւն, այժմ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Պաքու եւ Երեւան։ Այսօր Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ բանակցութիւններ վարելէ վերջ, Ճեւատ Զարիֆ վաղը Երեւան պիտի այցելէ, ուր պիտի հիւրընկալուի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի կողմէ։ Հանդիպումներ նախատեսուած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Ճեւատ Զարիֆի ժամանման ընդառաջ, Երեւան այցելեց նաեւ Իրանի Ճանապարհներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մուհամմէտ Էլմասի։ Այս վերջինը Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերովբեանի հետ այս առաւօտ փոխըմբռնման յուշագիր մը ստորագրեց։ Էլմասի երէկ ալ ընդունուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին Գրիգորեան մատնանշեց, որ Երեւանի միջանցքի տրամաբանութեամբ հարցեր չի քննարկեր։

Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանն ալ Ճեւատ Զարիֆի ժամանման ընդառաջ տեսակցեցաւ Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Ապպաս Զոհուրիի հետ։ Ան այս առթիւ ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը պէտք է դուրս գան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն։

Երեքշաբթի, Մայիս 25, 2021