ԼԱՒՐՈՎ ԽՐԻՄԻ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԱՆԳԱՐԱՅԻՆ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Թուրքիա փոփոխութեան պէտք է ենթարկէ իր դիրքորոշումը Խրիմի հարցին շուրջ։ «Արկիւմենթի ի Ֆաքթի» թերթին տուած յայտարարութեան մէջ Սերկէյ Լաւրով Ուքրայնոյ տագնապին կապակցութեամբ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ։

Ռուս նախարարը Խրիմի կապակցութեամբ իր յայտարարութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ յատկացուց Թուրքիոյ։ Ան համոզուած է, թէ Ուքրայնայի ռազմատենչ ոգին խրախուսելով Թուրքիա կը թիրախաւորէ Ռուսաստանի ամբողջականութիւնը։ Մոսկուայի այս դիրքորոշումը դիւանագիտական միջոցներով բաց եւ յստակ յանձնուած է Անգարայի նկատառման։

Տեղական մամուլին մօտ ալ արձագանգ գտած են Սերկէյ Լաւրովի այս յայտարարութիւնները։ Անցեալ ապրիլի 10-ին Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի պաշտօնական այցելութիւն մը տուած էր Թուրքիա։ Անգարա այդ փուլին հերթական անգամ յայտարարած էր, որ Խրիմի թերակղզիի 2004 թուականին Մոսկուայի կողմէ բռնակցումը պիտի չճանչնայ։

Թուրքիա եւ Ռուսաստան միջազգային բեմահարթակի վրայ վերջին տարիներուն ազդու ու խոր ձեւով կը համագործակցին բազմաթիւ տագնապալի խնդիրներու կապակցութեամբ՝ պահպանելով հանդերձ որոշ հարցերու շուրջ տարակարծութիւն։ Այդ բոլորը կը վերաբերին աշխարհի այժմու իրավիճակով ամենաթէժ կէտերուն։

Երեքշաբթի, Մայիս 25, 2021