ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Երուսաղէմի հայոց թաղէն ներս շաբաթավերջին հիւրընկալուեցաւ շուրջ 200 հրեաներէ բաղկացեալ խումբ մը, որու անդամները զանազան կազմակերպութիւններ կը ներկայացնէին։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութենէն երկու հոգեւորական հրեայ ծայրայեղական երիտասարդներու կողմէ յարձակման ենթարկուած էր։ «Հայթերթ» կայքէջի հաղորդումներով, Երուսաղէմի հայոց թաղը այցելած հրեաներու խումբը այդ ցաւալի դէպքին կապակցութեամբ ներողութիւն խնդրեց։ Այցելուները ընդունուեցան Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւնապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեանի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ յարձակման ենթարկուած հոգեւոր հայրերը, որոնց ծաղկեփունջեր յանձնուեցան հիւրերուն կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան, որպէսզի նման դէպքերը չկրկնուին։ Հրեայ հիւրերը արտայայտեցին իրենց համերաշխութիւնը սաղիմահայ համայնքին հետ եւ զօրակցութիւնը՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան նկատմամբ։

Ս. Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն Տ. Տիրան Աբեղայ Յակոբեանի եւ Տ. Արբակ Աբեղայ Սարուխանեանի ենթարկուած յարձակումէն վերջ Երուսաղէմի Հայոց Պատ-րիարքութիւնը հանդէս եկած էր խիստ յայտարարութիւնով մը։

Սուրբ Աթոռը այդ դէպքէն վերջ շարժման անցնիլ հրաւիրած էր ոստիկանութիւնն ու պատկան իշխանութիւնները։

Երեքշաբթի, Մայիս 25, 2021