ՎԵՐԱՐԺԵՒՈՐԵԼ ԿԱՊԵՐԸ

Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ պատերազմէն վերջ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, մարդասիրական բնոյթով հրատապ հարցերուն, ինչպէս նաեւ երկրի սահմաններուն վրայ յառաջացած իրավիճակին։

Համազգային խնդիրները միասնական ուժերով լուծելու համատեսքին մէջ Արմէն Սարգսեան եւ Պերճ Սեդրակեան ընդգծեցին Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները վերարժեւորելու անհրաժեշտութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, անոնք համակարծիք գտնուեցան սփիւռքի հնարաւորութիւններու աւելի արդիւնաւէտ օգտագործման տեսակէտէ։

Երեքշաբթի, Մայիս 25, 2021