ՄԱՅՆՑԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Գեր­մա­նիոյ Մայնց քա­ղա­քի Յով­հան­նէս Կիւ­թեն­պերկ հա­մալ­սա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հա­յոց այ­բու­բե­նը եւ հա­յե­րէ­նը» վե­րա­նագ­րեալ բա­նա­խօ­սու­թիւն մը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր հա­մալ­սա­րա­նի Ա­րե­ւե­լեան լե­զու­նե­րու եւ գրա­կա­նու­թեան բաժ­նին կող­մէ։ Օ­րուան բա­նա­խօսն էր Պա­զէ­լի հա­մալ­սա­րա­նէն Վար­դու­հի Կիւ­րե­ղեան։ Ան ներ­կա­նե­րուն նախ ներ­կա­յա­ցուց հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը, ա­պա բա­ցատ­րեց հա­յոց այ­բու­բե­նի ծագ­ման գոր­ծօն­նե­րը, պատ­մա­կան զար­գա­ցու­մը եւ գիւ­տա­րար Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի կեն­սագ­րու­թիւ­նը, յի­շե­լով նաեւ թարգ­ման­չաց վար­դա­պետ­նե­րը։ Բա­նա­խօ­սը տե­ղե­կու­թիւն­ներ տուաւ այ­բու­բե­նի գիւ­տով, 5-րդ դա­րէն սկսեալ հայ կեան­քի բո­լոր ո­լորտ­նե­րուն մէջ կա­տա­րուած բա­րե­փո­խում­նե­րուն, մշա­կոյ­թի եւ գրա­կա­նու­թեան զար­թօն­քին մա­սին։ Ան իր ե­լոյ­թը ա­ւար­տեց խօ­սե­լով հնդեւ­րո­պա­կան լե­զուաըն­տա­նի­քի եւ հա­յե­րէ­նի ա­նոր մէջ ու­նե­ցած դիր­քին եւ հայ բար­բառ­նե­րուն մա­սին։

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2015