ՉԱՆՏԱՐԻ ԵՒ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ ՀԵՏ ԼԵՌՆ Ի ՎԵՐ
«Մագլցիլ լեռն ի վեր» բանախօսութիւններու շարքը, զոր միասնաբար կը կազմակերպեն «Անատոլու քիւլթիւր» եւ «Սիվիլիթաս» հիմնարկները, երէկ հերթական անգամ տեղի ունեցաւ «Ճեզաիր» հաւաքատեղիին մէջ։ Լրագրող Ճենկիզ Չանտար եւ վաւերագրող Թէտ Պօղոսեան իրենց անձնական փորձառութիւններուն ընդմէջէն հայեացք մը սեւեռեցին հայերու եւ թուրքերու յարաբերութեանց վրայ։
Ամերիկահայ վաւերագրող Թէտ Պօղոսեան քսանհինգ տարիներ առաջ ճանապարհորդած էր դէպի Մարտին եւ նկարահանած «Հայու մը ճանապարհորդութիւն» վաւերագրականը։ Իսկ Ճենկիզ Չանտար միջոց մը ապրելով Լիբանանի մէջ, մօտէն շփում ունեցած էր տեղւոյ հայ գաղութին հետ։
Երէկի բանախօսութիւնը եւս ներկաներուն համար հետաքրքրական բացայայտումներու առիթ դարձաւ։
Ձեռնարկի բացման խօսքն ալ արտասանեց բեմադրիչ Չիյտէմ Մաթէր։
Չանտար եւ Պօղոսեան երկու օր առաջ ալ այս զրոյցը ունեցած էին Պրիւքսէլի մէջ։