ՑԵՂԱՊԱՇՏ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ա­նուա­նի դաշ­նա­կա­հար Տիգ­րան Հա­մա­սեան, Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին երգ­չա­խում­բի ու­ղեկ­ցու­թեամբ հա­մեր­գա­շա­րի մը ձեռ­նար­կած է նաեւ Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րէն ներս՝ այ­ցե­լե­լով զա­նա­զան քա­ղաք­ներ։ Կար­սի ու Աղ­թա­մա­րի հա­մերգ­նե­րը ար­դէն իսկ կա­յա­ցած են, եւ դեռ զին­քը ունկնդրե­լու ա­ռիթ պի­տի ու­նե­նան Տիգ­րա­նա­կեր­տի, Մու­սա լե­րան եւ հուսկ Պոլ­սոյ բազ­մազգ ա­րուես­տա­սէր­նե­րը։

Ա­րուես­տի կող­մը ան­շուշտ մէկ կողմ, սա­կայն Հա­մա­սեա­նի ու Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին երգ­չա­խում­բի հա­մերգ­նե­րուն տրուած այլ բնոյ­թով ար­ձա­գանգ­ներն ալ հե­տաքրք­րա­կան գրա­կա­նու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու ա­տակ են։ Այս­պէս, Կար­սի հա­մեր­գէն ետք տեղ­ւոյն Գորշ գայ­լե­րու ա­կում­բին ա­տե­նա­պե­տը՝ Թոլ­կա Ա­տը­կիւ­զէլ Հա­մա­սեա­նի հա­մեր­գը ըն­դու­նեց ցե­ղա­պաշ­տա­կան իւ­րա­յա­տուկ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, աջ ու ձախ սփռե­լով նաեւ սպառ­նա­լիք­ներ։ «1915-ի դէպ­քե­րու ժա­մա­նակ այս հա­յե­րը չէի՞ն որ հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր իս­լամ թուրք մեր ազ­գա­կից­նե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կե­ցին եւ սպան­նե­ցին։ Շատ չէ, դեռ քսա­նըե­րեք տա­րի ա­ռաջ Ատր­պէյ­ճա­նի Ղա­րա­բա­ղի շրջա­նին մէջ Խո­ճա­լու գիւ­ղէն ներս այս հա­յե­րը չէի՞ն որ մեր հա­րիւ­րա­ւոր ցե­ղա­կից­նե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կե­ցին։ Ի­րենց այս քայ­լով ի՞նչ նպա­տակ ու­նին։ Ի­րենց ո՞վ նե­ցուկ կը կանգ­նի ներ­սէն։ Ո՞ր ծա­խուած մամ­լոյ սպա­սա­ւոր­նե­րը միաս­նա­բար կը գոր­ծեն ա­սոնց հետ։ Ա­մէն ոք իր չա­փը պի­տի գիտ­նայ եւ ըս­տայդմ պի­տի վա­րուի այս պա­հէն ետք։ Ներ­սէն ու դուր­սէն ծա­խուած դա­ւա­ճան ու­ղեղ­նե­րը կը ջա­նան մեր համ­բե­րու­թի՞ւ­նը սպա­ռել։ Թէ ոչ մենք ալ Կար­սի պո­ղո­տա­նե­րուն վրայ հա­յու որ­սի սկսինք», խօ­սե­ցաւ ան եւ ը­սաւ, թէ ար­դեօք ի­րենք պի­տի կա­րե­նա­յի՞ն հա­յե­րու կող­մէ նուի­րա­կան հա­մա­րուած տեղ մը հա­մերգ սար­քել եւ կամ մեհ­տե­րի նուա­գա­խումբ քա­լեց­նել։ «Մենք այս բա­նե­րը թե­րեւս ցարդ չենք ի­րա­գոր­ծեր, սա­կայն այս չի նշա­նա­կեր, որ պի­տի չը­նենք եւ այս բո­լոր մենք նո­թագ­րած ենք։ Ե­թէ նման վի­ճակ մը ստեղ­ծուի, հարկ ե­ղա­ծը պի­տի ը­նենք», ը­սաւ Ա­տը­կիւ­զէլ։

Մինչ այդ ալ Կար­սի քա­ղա­քա­պետ Մուր­թա­զա Քա­րա­չան­թա ցե­ղա­պաշ­տա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով դի­մա­ւո­րած էր Հա­մա­սեա­նի հա­մեր­գը։ Ան իր ան­հանգս­տու­թիւ­նը յայտ­նած էր, որ կրօ­նա­կա­նի նմա­նող հա­գուստ­նե­րով հա­մերգ մը սար­քուած է այն­տեղ, ինչ որ կաս­կած­նե­րու տե­ղի տուած է ձեռ­նար­կին ան­կեղ­ծու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։ Այս ալ պատ­ճառ դար­ձած էր, որ­պէս­զի քա­ղա­քա­պե­տը կա­տարէ ա­նի­մաստ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ։

Կար­սի յա­ռա­ջա­տար այս դէմ­քե­րուն յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ար­ձա­գանգ գտան նաեւ մամ­լոյ մօտ։ Հե­տաքրք­րա­կան է. ար­դեօք պի­տի գտնուի մէ­կը, իր պաշ­տօ­նին գի­տակ­ցու­թեան տէր դա­տա­խազ մը, որ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան են­թար­կէ ազ­գա­յին խտրա­կա­նու­թիւն սեր­մա­նող, ազ­գա­մի­ջեան ա­տե­լու­թիւն յա­ռաջ բե­րող այս ան­ձե­րուն յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար։

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2015