ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԱՒԵՏԻՍ
Այս շաբաթավերջին Հայաստան համայն քրիստոնեայ աշխարհի եւ միջազգային մետիայի ուշադրութեան կիզակէտին է։ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը Հայաստան կ՚այցելէ՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։
Երէկ յետմիջօրէին Սրբազան Քահանայապետը հասաւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը, ուր Նախագահ Սարգսեանի եւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ դիմաւորուեցաւ հանդիսաւորապէս։ Աւելի վերջ երկու հովուապետները առաջնորդուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր զանգակներու զուարթ ղօղանջին ներքեւ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն։ Երկու հայրապետները հանդիսաւորապէս մուտք գործեցին Մայր Տաճար, որու աւագ խորանին վրայ ողջագուրուեցան եղբայրաբար եւ փոխանակեցին ճառեր։
Ապա Սրբազան Պապը ուղղուեցաւ մայրաքաղաք Երեւան, ուր ընդունուեցաւ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Առանձնազրոյցէն վերջ Սրբազան Քահանայապետն ու Սերժ Սարգսեան ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի պետական աւագանիի, հասարակական ու մտաւորական շրջանակներու եւ օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու առջեւ։ Նախագահական ապարանքին մէջ սարքուեցաւ նաեւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը ի պատիւ Սրբազան Պապին։
Նախագահական ապարանքի ելոյթին մէջ Սրբազան Պապը հերթական անգամ 1915-ի դէպքերը բնորոշեց որպէս ցեղասպանութիւն։
Երեկոյեան Սրբազան Քահանայապետը վերադարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր կ՚իջեւանի իր կեցութեան օրերուն։ Երկու հայրապետները փոխանակեցին նուէրներ, նաեւ իրարու ծանօթացուցին իրենց եպիսկոպոսները։ Այս արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Վեհարանի գահասրահին մէջ։
Այս առաւօտ Սրբազան Պապը, Վեհափառ Հայրապետը ու Նախագահ Սարգսեան այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Օրուան տեւողութեան Սրբազան Պապը կը պատարագէ Կիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ, իսկ երեկոյեան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի կ՚ունենայ խաղաղութեան աղօթք։ Վաղը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Վեհափառ Հայրապետը պիտի պատարագէ բաց խորանի առջեւ՝ աղօթակցութեամբ Սրբազան Քահանայապետին եւ այս պատուական այցելութեան մասնակից հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Հայաշխարհի ուշադրութիւնը ամբողջութեամբ կեդրոնացած է այս այցելութեան վրայ եւ հոգեւոր հայրեր կը բանաձեւեն, որ Սրբազան Պապի այցելութիւնով համերաշխութեան աւետիս եկած է Հայաստան։
Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ Սրբազան Պապը ընդունած է Վատիկանի մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի զետեղման մասին առաջարկը։