ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ՀՐԱՒԷՐ

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, որ Թուր­քիա հրա­ւի­րուած է Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան (ՍԾՏՀԿ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին, որ Յու­լի­սի 1-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Սո­չիի մէջ։

Ա­միս­նե­րէ ի վեր Ան­գա­րա-Մոս­կուա ա­ռանց­քին վրայ առ­կայ է լա­րուա­ծու­թիւն մը, իսկ վեր­ջին շրջա­նին կող­մե­րը փո­խա­դար­ձա­բար կու տան ազ­դան­շան­ներ՝ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նե­լով յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ ըն­քա­ցիկ քայ­լե­րը կա­ղա­ցում­նե­րէ զերծ պա­հե­լու ջան­քե­րուն կը վե­րագ­րուի ար­տա­սո­վոր նշա­նա­կու­թիւն եւ այդ բո­լո­րը կը մեկ­նա­բա­նուին որ­պէս քա­ղա­քա­կան կամք։

 

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016