ՇԱՀԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԱԾՈՅ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս լոյս տե­սաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան «Ա­ռա­ջին լրա­տուա­կան» ծա­ռա­յու­թեան ա­ւագ մեկ­նա­բան, քա­ղա­քա­գէտ ու լրագ­րող Աբ­րա­համ Գաս­պա­րեա­նի գիր­քը։ «Ներ­քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ» խո­րագ­րեալ ժո­ղո­վա­ծոյ մըն է այս մէ­կը, ո­րու հե­ղի­նա­կը՝ Աբ­րա­համ Գաս­պա­րեան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը դա­սա­խօ­սէ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բաժ­նին մօտ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Աբ­րա­համ Գաս­պա­րեա­նի աշ­խա­տու­թիւ­նը կ՚ընդգր­կէ թե­մա­թիկ դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի պե­տու­թիւն­նե­րու ներ­քին քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րուն, տա­րած­քաշր­ջա­նի վրայ մի­ջազ­գա­յին դե­րա­կա­տար­նե­րու ազ­դե­ցու­թեան, քա­ղա­քա­կան հո­վա­նա­ւոր­չու­թեան եւ կրօ­նի քա­ղա­քա­կա­նաց­ման վե­րա­բե­րեալ։ Գիր­քը կը նե­րառ­նէ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի քա­ղա­քա­կան պատ­մու­թիւ­նը՝ յետ­գա­ղու­թա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէն սկսեալ մին­չեւ 21-րդ դա­րու ա­ռա­ջին տաս­նա­մեա­կը։ Ժո­ղո­վա­ծո­յի հե­ղի­նա­կը սահ­մա­նա­փա­կուած է այս ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծով, ո­րով­հե­տեւ 2011 թուա­կա­նէն ի վեր տե­ղի ու­նե­ցած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ու զար­գա­ցում­նե­րուն շուրջ ա­ռար­կա­յա­կան գնա­հա­տա­կան մը տա­լու հա­մար կը պակ­սին փաս­տերն ու գի­տա­կան նիւ­թե­րը։

Աբ­րա­համ Գաս­պա­րեա­նի այս գիր­քի հրա­տա­րա­կու­թեան առ­թիւ Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ շնոր­հան­դէս մը։ Հե­ղի­նա­կը հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին նշեց, թէ աշ­խա­տու­թիւ­նը կը բաղ­կա­նայ ութ գլու­խէ։ Գոր­ծը այն­պէս մը շա­րադ­րուած է, որ ա­ռանց ա­ռա­ջի­նը կար­դա­լու՝ ան­կա­րե­լի է ու­թե­րորդ գլու­խը հասկ­նալ։ «Մին­չեւ 2011 թուա­կա­նը այս նիւ­թը, այս­պէս կո­չուած, կ՚ե­փէի իմ մէջ՝ մօ­տա­ւո­րա­պէս մէ­կու­կէս տաս­նա­մեակ ա­նընդ­հատ հե­տե­ւո­ղա­կան ըլ­լա­լով։ Ըն­դա­մէ­նը պէտք է կայծ մը, որ պատ­մա­կա­նօ­րէն կո­չուած է «Ա­րա­բա­կան գա­րուն», որ­մէ վերջ այդ բո­լո­րը պէտք է յանձ­նուէին թուղ­թին», ը­սաւ Աբ­րա­համ Գաս­պա­րեան։

Շնոր­հան­դէ­սի ըն­թաց­քին ար­տա­յայ­տուե­ցաւ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան տնօ­րէն Ա­րամ Ա­նա­նեան, որ մաս­նա­գի­տու­թեամբ պատ­մա­բան է։ Ըստ ի­րեն, այն տա­րած­քաշր­ջա­նը, ո­րուն անդ­րա­դար­ձած է հե­ղի­նա­կը, այ­սօր հա­մաշ­խար­հա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու կի­զա­կէ­տին կը գտնուի։ Այդ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծեն նաեւ հա­յու­թեան վրայ։ Ար­դա­րեւ, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քը տա­րած­քաշր­ջան մըն է, ուր կայ հոծ հայ բնակ­չու­թիւն, ուր կը գտնուին հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան հա­մայնք­նե­րը։ «Ի հար­կէ, բո­լոր քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րը եւ վե­րի­վայ­րում­նե­րը ան­մի­ջա­կան ազ­դե­ցու­թիւն կ՚ու­նե­նան թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ՛ հայ ժո­ղո­վուր­դի վրայ», ը­սաւ Ա­րամ Ա­նա­նեան։

Իր կար­գին, քա­ղա­քա­գէտ Սէր­կէյ Մի­նա­սեանն ալ մատ­նան­շեց, թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան դպրո­ցը միշտ ալ հա­մա­րուած է զար­գա­ցած։ Բայց եւ այն­պէս, յետ­խորհր­դա­յին շրջա­նին սե­րունդ­նե­րու փո­փո­խու­թիւ­նը տե­ղի տուած է լուրջ խնդիր­նե­րու։ Իր հա­մոզ­մամբ, Աբ­րա­համ Գաս­պա­րեա­նի սոյն աշ­խա­տու­թիւ­նը կա­րե­ւոր գոր­ծօն մը կը դառ­նայ այդ բա­ցը լրաց­նե­լու տե­սան­կիւ­նէ­ն։

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016