Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024
ՔԵՄՐԸՆ ԿԸ ՀՐԱԺԱՐԻ
Brexit-ի արդիւնքը բառին բուն իմաստով ցնցած է ամբողջ աշխարհը։ Այլեւս յայտին է, որ Անգլիա դուրս պիտի գայ Եւրոմիութենէն։ Պրիւքսել առանց Լոնտոնի պիտի շարունակէ իր ճանապարհը, մինչ կողմերը անխուսափելիօրէն պիտի դիմագրաւեն հետեւանքներ։
Այս մթնոլորտին մէջ Անգլիոյ Վարչապետ Տէյվիտ Քեմրըն երէկ, քուէառկութեան արդիւնքին հրապարակումէն անմիջապէս վերջ, յայտարարեց՝ որ պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը։ Ան համոզուած է, որ նոր վարչապետը պէտք է յառաջ տանի երկիրը ԵՄ-էն դուրս բերելու գործընթացը։
Տէյվիտ Քեմրըն հանրաքուէէն առաջ կողմնակից էր, որ Անգլիա մնայ ԵՄ-ի կազմին մէջ, սակայն իր կոչը բաւարար չէ եղած արդիւնքը փոխելու համար։
Շաբաթ, Յունիս 25, 2016