ՄԷԿ ՓՈՒԼՈՎ ՎԵՐՋ

Թուրքիա երէկ պատմական օր մը ապրեցաւ։ Նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունեցան մասնակցութեան աննախընթաց համեմատութեամբ։ Իրադարձութիւնը արդէն ինքնին պատմական էր, սակայն արդիւնքներն ալ եկան վերահաստատել այդ բնոյթը։ Միեւնոյն ժամանակ, երէկուան ընտրութիւններով Թուրքիոյ մէջ հաստատուեցաւ կառավարման նոր համակարգ մը։ Նախագահական կառավարման նորահաստատ դրութիւնով կ՚ակըն-կալուին արդիւնաւէտութեան նոր հորիզոններ երկրին տեսակէտէ։ Ընտրութիւնները Թուրքիոյ տեսակէտէ ժողովրդավարութեան իսկական յաղթանակ մը հանդիսացան։ Շաբաթներէ ի վեր շարունակ-ւած բուռն մրցակցութիւնը մէկ փուլով վերջ գտաւ։

24 Յունիսի ընտրութիւններէն փայլուն յաղթանակով մը դուրս եկաւ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։ 52.6 տոկոս քուէ ապահովելով ան վերընտրուեցաւ հանրապետութեան նախագահ։ Կառավարման նոր համակարգով հանրապետութան նախագահը արդէն գործադիր իշխանութեան մէջ ալ պիտի ունենայ առանցքային դերակատարութիւն։ Երէկ տարած ջախջախիչ յաղթանակով Էրտողան յառաջիկայ հնգամեայ շրջանին պիտի շարունակէ պետութեան ղեկը վարել՝ ժողովրդական ամուր յենարաններով ու աներեր զօրակցութեամբ։

Նախագահական ընտրութիւններուն մէջ Էրտողանին յաջորդեց ՃՀՓ-ի թեկնածու Մուհարրէմ Ինճէ, որ ապահովեց ձայներու 30.6 տոկոսը։ Այժմու կանխատեսումներով, իր ապահոված այս արդիւնքը ընդդիմութեան շարքերէն ներս կրնայ նոր խմորումներու գետին պատրաստել։ Բազմաթիւ քաղաքական մեկնաբաններ տրամաբանական կը համարեն, որ Մուհարրէմ Ինճէ յառաջիկայ շրջանին անցնի կուսակցութեան գլուխը։

Խորհրդարանական ընտրութիւններն ալ բուռն ընտրապայքարի մը թատերաբեմը հանդիսացան։ Հինգ կուսակցութիւն Ազգային մեծ ժողով մուտք գործել յաջողեցաւ։ Յառաջիկայ հինգ տարիներուն խորհրդարանի երդիքին տակ ներկայացուած պիտի ըլլան՝ ԱՔ կուսակցութիւնը (42.5 տոկոս քուէ, 293 երեսփոխան), ՃՀՓ (22.7 տոկոս քուէ, 146 երեսփոխան), ՀՏՓ (11.6 տոկոս քուէ, 67 երեսփոխան), ՄՀՓ (11.1 տոկոս քուէ, 50 երեսփոխան) եւ «ԻՅԻ» կուսակցութիւնը (10.0 տոկոս քուէ, 44 երեսփոխան)։

Այսպէսով 600 երեսփոխանէ բաղկացեալ նոր խորհրդարանին մէջ թէեւ ԱՔ կուսակցութիւնը առանձինն կորսնցուցած է մեծամասնութիւնը, սակայն անոր ՄՀՓ-ի հետ կազմած «Ճումհուր» դաշինքը ապահոված է բաւարար աթոռներ։

Ընտրական յաղթանակի լոյսին տակ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ գիշեր ունեցած բոլոր ելոյթներուն մէջ շեշտեց, որ սա երկրի 81 միլիոն քաղաքացիներու համատեղ յաղթանակն է։ Էրտողան մեծապէս կարեւորեց այն հանգամանքը, որ մասնակցութեան համեմատութիւնը հասած է շուրջ 90 տոկոսի։ Իր խօսքով՝ սա ամբողջ աշխարհին տեսակէտէ ուսումնասիրուելիք ժողովրդավարութեան դաս մըն է։ Արդարեւ, այսօր աշխարհի ժողովրդավարութեան յառաջատարներու շարքին դասուած բազում երկիրներէն ներս ընտրութիւններուն կը մասնակցին ընտրողներու հազիւ կէսը եւ այդ արդիւնքները ժողովրդավարութեան տեսակէտէ կը համարուին ձեռքբերում։ Ուստի, վերընտրեալ նախագահը շեշտեց, որ Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած արդիւնքները այս առումով կը համարուին չափազանց յատկանշական։

Ընտրութիւններուն յաջորդած մթնոլորտին մէջ Էրտողան ընդգծեց նաեւ, որ երկրէն ներս հասարակութեան բոլոր խաւերու իրաւունքը երաշխաւորուած պիտի ըլլայ եւ հայրենակիցները խտրականութիւններու պիտի չենթարկուին բացարձակապէս։ Ան դրական պատգամներ տուաւ նաեւ ժողովրդավարականացման, հիմնարար ազատութիւններու, համակեցութեան մթնոլորտի, արդարադատութեան համակարգի կատարելագործման, արդիւնաբերութեան ոստումներու, ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ այլ բնագաւառներու պարագային։ 

Երկուշաբթի, Յունիս 25, 2018