ԿԵԶԻԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԷԿ ՍԿՍԱՒ

Իսթանպուլի 30-րդ Ծանր պատժական ատեանէն ներս երէկ սկսաւ Կեզիի դէպքերու գործի դատավարութիւնը։ 2013 թուականին Թաքսիմի Կեզի ճեմապարտէզին մէջ տեղի ունեցած դէպքերու դատավարութիւնը կ՚ընթանայ Սիլիվրիի կալանավայրի համալիրէն ներս։ Առաջին դատավարութեան մասնակցեցան 2017 թուականի նոյեմբերին ձերբակալուած Օսման Քավալա, 2018 թուականի նոյեմբերին ձերբակալուած Եիղիթ Աքսաքօղլու ու չձերբակալուած միւս մեղադրեալները։ Փախուստի դիմած ամբաստանեալները չմասնակցեցան դատավարութեան։

Երէկ, մեղադրեալները տուին ցուցմունքներ ու մերժեցին իրենց վերագրուած յանցանքները։

Դատավարութիւնը կը շարունակուի այսօր։ Կը նախատեսուի, որ դատարանը որոշում մը տայ կալանեալ մեղադրեալներու ազատ արձակման պահանջին շուրջ։

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2019