ՄԱԿ-Է ՆԵՐՍ ԼԱՒՐՈՎԻ ԿՈՉԸ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Մոսկուա պատրաստ է առաւելագոյն ջանքեր ներդնել՝ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ ուղիղ բանակցութիւններու սկիզբին համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս տարածուեցաւ Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւնը։ ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Սերկէյ Նեպեզնիայի կողմէ ներկայացուած յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը.

«Այսօր առաւել քան երբեւէ կը պահանջուի միջազգային համագործակցութիւն եւ ընդհանուր քայլեր Մերձաւոր Արեւելքի հաշտութեան գործընթացը յառաջ մղելու համար։ Ռուսաստան պատրաստ է ներդնել առաւելագոյն ջանքեր Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ ուղիղ բանակցութիւններու սկիզբին համար՝ միջազգային ընդունուած իրաւունքի, ՄԱԿ-ի բանաձեւերու, Մատրիտեան սկզբունքներու, արաբական հաշտութեան նախաձեռնութեան հիման վրայ խնդրի կարգաւորման նպատակով։ Այս բոլորը կը նախատեսեն ստեղծել անկախ, ինքնիշխան Պաղեստինի պետութիւն մը՝ 1967 թուականի սահմաններու շրջանակներուն մէջ»։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2020