ՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳՐԵՐ

Անիի աւերակներէն ներս պիտի վերանորոգուի «Էպուլ Մենուչեհր» մզկիթը, որ Անատոլուի առաջին թրքական մզկիթը կը համարուի։ Ինչպէս ծանօթ է, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մաս կը կազմեն Անիի աւերակները։ Յիշեալ մզկիթը յառաջիկայ շրջանին վերանորոգուելով պիտի բացուի պաշտամունքի։

Երէկ զանազան լրատուամիջոցներ արձագանգ հանդիսացան այս իրադարձութեան։ Կարսի կուսակալ Թիւրքէր Էօքսիւզ եւ այլ շարք մը պատասխանատուներ այցելեցին «Էպուլ Մենուչեհր» մզկիթը, ուր ստորագրման արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ վերանորոգութեան ծրագրի փաստաթուղթին համար։ Կուսակալը այս առթիւ յայտնեց, որ կը ծրագրուի վերանորոգութիւնը հնարաւորինս արագ աւարտել եւ մզկիթը պաշտամունքի բանալ։ Սա կարեւոր քայլ մը պիտի ըլլայ թէ՛ զբօսաշրջութիւնը խրախուսելու եւ թէ միջազգային առումով քաղաքի ճանաչումը բարձրացնելու տեսակէտէ։

ԿԱՄՈՒՐՋԸ

Միւս կողմէ, տեղական մամուլի հաղորդումներով, Անիի աւերակներէն ներս պիտի վերանորոգուի նաեւ այն պատմական կամուրջը, որ կը գտնուի Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ։ Այս կամուրջը պատմական Մետաքսի ճանապարհին մաս կը կազմէ։ Ներկայիս այդ պատմական կամուրջի միայն յենասիւները կանգուն մնացած են։ Վերանորոգութեան ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի Ցամաքուղիներու ընդհանուր տնօրէնութեան եւ անոր Կարսի մասնաճիւղին կողմէ։

Միւս կողմէ, Կարսի երեսփոխան Եունուս Քըլըչն ալ յայտնած է, որ պատմական Անի քաղաքի մեծամասնութիւնը ստորգետնեայ է։ «Ով գիտէ տակաւին ինչե՛ր պիտի յայտնուին։ Ո՛ր քաղաքակրթութիւններէն ի՛նչ հետքեր եւ մնացորդացներ պիտի գտնուին», ըսաւ ան։  

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2020