ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ 55-ՐԴ ՀՈՒՆՁՔԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ ԵՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ 60-ԱՄԵԱԿԸ
Տըպպայէի, Պէյրութ, «Լա Մարինա»ին մէջ Հայկազեան համալսարանը կազմակերպեց իր տարեկան վկայաբաշխման հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը, որ կը զուգադիպէր համալսարանի հիմնադրութեան 60-ամեակին, որուն ընթացքին 227 ուսանողներ յաջողութեամբ աւարտեցին իրենց բարձրագոյն ուսումը՝ դառնալով հայկական սփիւռքի միակ բարձրագոյն հաստատութեան 55-րդ հունձքի շրջանաւարտները:
Աւելի քան երկու հազար ներկաներու ծափահարութիւններուն եւ Արամ Խաչատուրեանի երաժշտութեան ներքեւ շրջանաւարտները դասախօսական կազմին հետ միասին ուղղուեցան բեմ, որմէ ետք հնչեց Լիբանանի քայլերգը, որուն յաջորդեց համալսարանի հոգեւոր հովիւ Վերապատուելի Ուիլպըրթ Վան Սանի աղօթքի պաշտօնական բացումը:
Բարի գալուստի խօսքը արաբերէնով, հայերէնով եւ անգլերէնով արտասանեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան, որ շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները շնորհաւորելէ ետք, անդրադարձաւ Հայ-կազեան համալսարանի վաթսուն տարիներու պատմութեան: Ան հաստատեց, որ իրենք կոչուած են ամենայն հաւատարմութեամբ, բարձրորակ պատրաստութեամբ, հայակերտ ազատութեամբ եւ ժամանակակից հմտութեամբ պատրաստելու սերունդներ՝ ըլլալու համար սուղ գինով յարութիւն առած ժողովուրդի մը արժանաւոր զաւակները:
Ըստ Հայտոսթեանի, հայ ժողովուրդի դարերու փորձը ցոյց կու տայ, որ ապագան կրնայ ըլլալ պայծառ, եթէ ջանքի, տեսիլքի, հաւատքի եւ անձնազոհութեան ջահը կարենանք փոխանցել յաջորդ սերունդներուն: «Հայը պէտք է ճանչնայ իր աւանդը եւ գործնապէս յարգէ իր նահատակներու կտակը: Այսօր Հայկազեանը կը վերանորոգէ այդ ուխտը կրթական լոյսով», ըսաւ Հայտոսթեան՝ շրջանաւարտներուն մաղթելով բարի երթ դէպի փայլուն ապագայ:
Փոլ Հայտոսթեան հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուան բանախօս Փաթրիս Ժիլիպէրը, որ ՄԱԿ-ի «Բռնութեան դէմ պայքար»ի յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղարն է: Ապա բեմ բարձրացաւ Ժիլիպէր փոխանցելու համար օրուան պատգամը: Ժիլիպէր նախ եւ առաջ երախտագիտական զգացումներ յայտնեց Հայկազեան համալսարանին, որ զինք հրաւիրած էր օրուան երկու խորհրդանշական առիթներուն՝ 60-ամեակի տօնակատարութեան եւ վկայականներու բաշխման: Ան բացատրեց ուսման իմաստը՝ ընդգծելով, որ այդ մէկը իւրաքանչիւրին մարդկային միտքի սրումի կողքին, նաեւ մարդկային հոգիի զարգացումն է: Ժիլիպէր ընդգծեց մարդ-կային իրաւունքներու հիմնական երկու պայմանները, որոնք են գիտութիւնն ու ազատութիւնը, եւ խօսեցաւ անոնց կարեւորութեան մասին: Անոնք մարդ արարածը կ՚առաջնորդեն դէպի պայծառ միջավայրի ստեղծում՝ յարգանքի եւ մարդկային խիղճի վրայ հիմնուած:
Ան մէջբերեց Շարլ Մալէքի խօսքերը եւ հաստատեց, որ Հայկազեան համալսարանը կը ներկայացնէ այն առաջնորդութեան ոգին, որ միշտ ալ կը ձգտի մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան: Ան իր խօսքը եզրափակեց շնորհաւորելով շրջանաւարտները՝ մաղթելով, որ փայլին իրենց ունեցած թէ՛ վկայականով, թէ՛ ալ մարդկային նկարագրով:
Ուսուցիչ, փաստաբան եւ ելեւմտագէտ Սամիր Համմուտ, որ Հայկազեան համալսարանը աւարտած է 1978-ին, եւ այժմ Լիբանանի դրամատուներու վերահսկողութեան յանձնախումբին նախագահն է, բեմ հրաւիրուեցաւ փոխանցելու համար իր սրտի խօսքը: Ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Հայկազեան համալսարանին, որ յատուկ ներդրում ունեցած է իր ուսման եւ գործի յաջողութեան մէջ: Համմուտ մեկնելով իր անձնական փորձառութենէն՝ ըսաւ, թէ կեանքը համալսարանի նման չէ, որովհետեւ կեանքի մէջ յառաջ կու գան քննութիւններ, ապա դասեր, որոնք կարելի է քաղել անձնական փորձառութիւններէ: Ան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն՝ շեշտեց, որ Հայկազեան համալսարանէն իրենց ստացած վկայականը անցագիր է, որուն միջոցով կրնանթռչիլ աշխարհին բոլոր կողմերը՝ իրականացնելու համար իրենց երազները:
Ապա Լիբանանի Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Պու Սաապ խօսք առաւ՝ շնորհաւորելով եւ բարձր գնահատելով Հայկազեան համալսարանը, որ 55 տարիներ առաջ ունէր միայն երկու շրջանաւարտներ, սակայն համալսարանը հաւատալով իր սուրբ աշխատանքին, այսօր, 60-ամեակը բոլորելէ ետք, արդէն ունի հազարաւոր շրջանաւարտներ աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ: Ան լուսարձակի տակ առաւ Հայկազեան համալսարանի նշանաբանները, որոնք են՝ ճշմարտութիւնը, ազատութիւնն ու ծառայութիւնը: Պու Սաապ անդրադառնալով 100-ամեակին յայտնեց, թէ 24 Ապրիլին Լիբանանի վարժարանները փակ յայտարարուեցան, որովհետեւ ան համոզուած էր, որ այդպիսի որոշում մը կրնայ իր դրական ազդեցութիւնը ունենալ Եղեռնի զոհերուն յիշատակը նշելու իմաստով: Նախարարը իր խօսքին մէջ շրջանաւարտներուն պատուիրեց, որ շարունակեն իրենց աշխատանքները ճշմարտութեամբ՝ ազատութեամբ եւ ծառայութեամբ հիմնելու համար ընդունակ միջավայր:
Հանդիսութեան իր յատուկ մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ հեռակապով շնորհաւորեց շրջանաւարտները իրենց վկայուելուն, իսկ Հայկազեան համալսարանը իր հիմնադրութեան 60-ամեակին առիթով:
Ապա Վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան Հայկազեան համալսարանի յոբելենական մետայլներ նուիրեց Փաթրիս Ժիլպէրին, Սամիր Համմուտին եւ նախարար Էլիաս Պու Սաապին, որմէ ետք Տքթ. Ֆատի Ասրաուի եւ Տքթ. Արտա Էքմէքճի շրջանաւարտները հերթաբար հրաւիրեցին՝ ստանալու համար իրենց վկայականները Տքթ. Փոլ Հայտոսթեանի ձեռամբ:
Իսկ շրջանաւարտներուն անունով խօսք առին Արփա Այնթապլեան եւ Սարա Հաթում: Այնթապլեան յայտարարեց, որ իրեն եւ իր ընկերներուն համար այս օրը պիտի ըլլայ իրենց ճանապարհի բարգաւաճումի, յարատեւելու եւ յաջողութեան սկիզբը: Ան ինքզինք բախտաւոր նկատեց, որ օժտուած է Հայկազեան համալսարանի արժանիքներով, մինչ, Հաթում՝ իբրեւ ուսումնաթոշակի նախագիծի հետեւող ուսանող, իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու Միջազգային բարգաւաճման գործակալութեան, որ հովանաւորած էր իր ուսումնական տարեշրջանները Հայկազեան համալսարանին մէջ:
Այս յատուկ հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի աղօթքով, ապա համալսարանի քայլերգով, որոնցմէ անմիջապէս ետք ծափերու տարափին եւ հրավառութեան ներքեւ շրջանաւարտները իրենց հաստատուն շարքերով եւ ամուր քայլերով ուղղուեցան իրենց կեանքի յաջորդ հանգրուանին:
Բաց աստի, Հայկազեան համալսարանին մէջ կատարուեցաւ «շնորհակալութեան» արարողութիւնը, որուն ընթացքին շրջանաւարտները շնորհակալութիւն յայտնեցին Աստուծոյ համալսարանին մէջ իրենց ունեցած անմոռանալի յիշատակներուն համար եւ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն:
Հայկազեան համալսարանի հիմնադրման 60-ամեակին կապակցութեամբ, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն եւ պատուիրակութիւն մը, նախագահութեամբ՝ Իշխան Զաքարեանի, եւ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի այցելած էին համալսարան:
Իշխան Զաքարեան, պատուիրակութեան անդամներ՝ Հայաստանի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, Հայաստանի Հանրային խորհուրդի անդամ, պատմաբան Էդիկ Մինասեան, «Անդին» հասարակական-քաղաքական ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Մերուժան Տէր-Գուլանեան իրենց ջերմ շնորհաւորանքները յղեցին Փոլ Հայտոսթեանին։ Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ համալսարանի վարչական եւ մանկավարժական անձնակազմի անդամները:
Այս առթիւ Աշոտ Քոչարեան բարձր գնահատեց Հայկազեանի առաքելութիւնը ուղղուած հայապահպանութեան եւ հայագիտական հետազօտութիւններու իրականացումին, Հայակազեանի սերտ համագործակցութիւնը Հայաստանի պետական կառոյցներու, կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններու, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան հետ: Այնուհետեւ դեսպանը համալսարանի նախագահին փոխանցեց Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի եւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորական նամակները, Հայկազեանի հիմնադրման 60-ամեակին առիթով: