ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐ

Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը ընդգ­ծեալ ձե­ւով հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րա­րի մը վե­րա­ծուած է Թուր­քիոյ մէջ։ Զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն վերջ, եր­կի­րը ի գործ կը դնէ իր ամ­բողջ պա­շա­րը՝ ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան անշր­ջա­դար­ձե­լիու­թիւնն ու ամ­րապն­դու­մը։ Յու­լի­սի 15-ի դէպ­քե­րը նա­խորդ շա­բա­թա­վեր­ջին ար­դէն տակն ու վրայ ը­րած էին եր­կի­րը։ Շա­բաթ մը անց՝ այս շա­բա­թա­վեր­ջին ձա­խող պե­տա­կան հա­րուա­ծով պայ­մա­նա­ւո­րուած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն շատ ա­ւե­լի յստակ մթնո­լորտ մը տի­րեց երկ­րին մէջ։ Թուր­քիոյ զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րուն մէջ, գլխա­ւոր հրա­պա­րակ­նե­րուն վրայ կը շա­րու­նա­կուի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հեր­թը։ Այս ա­ռու­մով ե­րէկ Թաք­սի­մի հրա­պա­րա­կին վրայ ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ յատ­կան­շա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։ Գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թեան՝ ՃՀՓ­-ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած մեծ հան­րա­հա­ւա­քը ա­ռանձ­նա­ցաւ փո­խան­ցուած միաս­նա­կա­նու­թեան պատ­գա­մով։ Ար­դա­րեւ, ոչ միայն ՃՀՓ­-ա­կան­նե­րը, այլ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան եւ այլ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու, հա­սա­րա­կա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ալ միա­ցան այս հան­րա­հա­ւա­քին։ Ծո­վա­ծա­ւալ բազ­մու­թեան մը մաս­նակ­ցու­թեամբ փո­խան­ցուե­ցաւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան պատ­գա­մը։ Ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու։

Հան­րա­հա­ւաք­նե­րուն ա­ռըն­թեր մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ ալ ապ­րուե­ցան շարք մը կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ Պեշ­թե­փէի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քա­րը։ Այս վեր­ջի­նը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ այ­ցե­լեց նաեւ Ան­գա­րա­յի Անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թիւն, ուր ծա­ղիկ­ներ թո­ղուց Յու­լի­սի 15-ի գի­շե­րը նա­հա­տա­կուած ոս­տի­կան­նե­րու յի­շա­տա­կին։ Ա­քար այս առ­թիւ նշեց, թէ զի­նուո­րա­կան հա­մազ­գեստ հա­գած դա­ւա­ճան­ներ մեծ վնաս հաս­ցու­ցած են մեր երկ­րին եւ ա­նոնք ծան­րա­գոյն պա­տի­ժը պի­տի կրեն ար­դա­րու­թեան առ­ջեւ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան շա­բա­թա­վեր­ջին շա­րու­նա­կեց նաեւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան պատ­գամ­ներ փո­խան­ցել՝ յա­ռա­ջա­տար լրա­տուուու­թեան աղ­բիւր­նե­րու մի­ջո­ցաւ։ «Ֆրանս 24» հե­ռուս­տա­կա­յա­նին տուած բա­ցա­ռիկ հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Էր­տո­ղան կրկնեց, թէ լրա­քա­ղու­թեան կա­ղա­ցում­ներ ապ­րուած են վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով։ Հարկ է նշել, որ Էր­տո­ղան այ­սօր ալ նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տի եր­դի­քին տակ կը հիւ­րըն­կա­լէ խորհր­դա­րա­նէն ներս ներ­կա­յա­ցուած կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ա­ռաջ­նորդ­նե­րը՝ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մը, ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուն եւ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լին։

Մինչ այդ, Բարձ­րա­գոյն զի­նուո­րա­կան խոր­հուր­դին ժո­ղո­վի թուա­կա­նը են­թար­կուե­ցաւ փո­փո­խու­թեան։ Նստաշր­ջա­նը պի­տի սկսի այս Հինգ­շաբ­թի եւ ա­ռա­ջին ան­գամ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան փո­խա­րէն Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ պի­տի կա­տա­րուի աշ­խա­տան­քը։

Միւս կող­մէ, զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման փոր­ձը կա­տա­րած ա­հա­բեկ­չա­կան զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցին դէմ լայ­նա­ծա­ւալ հար­ցաքն­նու­թիւնն ալ կը շա­րու­նա­կուի ամ­բողջ թա­փով։ Պե­տա­կան կամ հա­սա­րա­կա­կան գետ­նի վրայ այդ կա­ռոյ­ցին հետ ա­ռըն­չա­կից ան­հատ­ներն ու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը կը հար­ցաքն­նուին եւ բա­ցա­յայ­տուած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, տրուած ցուց­մունք­նե­րը լայ­նօ­րէն ար­ձա­գանգ կը գտնեն հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ։ Այս ա­ռա­ւօ­տեան դրու­թեամբ հար­ցաքն­նու­թիւ­նը ար­դէն ընդգ­ծեց նաեւ զա­նու­գա­ծա­յին լրա­տուու­թեան բնա­գա­ւա­ռը։ Ո­րո­շում ըն­դու­նուե­ցաւ՝ որ­պէս­զի հսկո­ղու­թեան տակ առ­նուին 42 լրագ­րող­ներ, ո­րոնց շար­քին կը գտնուին նաեւ յայտ­նի ա­նուն­ներ։ 

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2016