ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿԵՐ Է ՀԱՅԱՏԱՆԻ ՀԵՏ ՎԵՐՍՏԻՆ ԲԱՆԱԿՑԵԼՈՒ ՆԻՒԹԸ

«Հիւր­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թին մէջ այ­սօր Ֆա­թիհ Չե­քիր­կէ ար­ձա­գանգ կը հան­դի­սա­նայ հե­տաքրք­րա­կան ի­րա­դար­ձու­թեան մը՝ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Այս­պէս, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու դէ­պի Պա­քու կա­տա­րած վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան տրա­մադ­րու­թիւ­նը շօ­շա­փած է՝ կա­րե­ւոր «խա­ղա­ղու­թեան ար­շաւ»ի մը հա­մար։ Այս­պէս, Չա­վու­շօղ­լու քննար­կած է Հա­յաս­տա­նի հետ վերս­տին բա­նակ­ցե­լու, մեղ­մա­ցում ա­պա­հո­վե­լու եւ գու­ցէ սահ­ման­նե­րը բա­նա­լու նիւ­թե­րը։ Խօ­սակ­ցու­թիւն ծա­ւա­լած է Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ առ­կայ ճգնա­ժա­մին վերջ տա­լու մա­սին, ինչ որ հե­ղի­նա­կին կար­ծի­քով՝ Ռու­սաս­տա­նի հետ բնա­կա­նո­նա­ցու­մէն վերջ կա­րե­ւոր ար­շաւ մը կը նկա­տուի։

Յօ­դուա­ծա­գի­րը այս ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը կը դա­սէ բա­րե­կամ­նե­րու թի­ւը բարձ­րաց­նե­լու ուղ­ղեալ ջան­քե­րու շրջագ­ծին մէջ։ Ծա­նօթ է, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը վեր­ջին շրջա­նին կ՚ա­ռաջ­նոր­դուի այս կար­գա­խօ­սով։

Հարկ է յի­շեց­նել, որ Պա­քուի մէջ Չա­վու­շօղ­լու յայ­տա­րա­րած էր, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը պի­տի այ­ցե­լեն Ան­գա­րա։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին հե­տա­մուտ միջ­նորդ­նե­րու Ան­գա­րա այ­ցե­լու­թիւ­նը ա­ւե­լի վերջ յե­տաձ­գուած էր՝ զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձով պայ­մա­նա­ւո­րուած մթնո­լոր­տին մէջ։

Ֆա­թիհ Չե­քիր­կէ այ­սօր կը գրէ, որ Յու­լի­սի 15-ին Չա­վու­շօղ­լու Պա­քուէն ան­ցած էր Սամ­սուն եւ յետ­մի­ջօ­րէին ի­րենց մի­ջեւ ան­ցած էր հե­տաքրք­րա­կան զրոյց մը։ Ռու­սաս­տա­նի հետ ճգնա­ժա­մի յաղ­թա­հար­ման առ­թած դրա­կան տպա­ւո­րու­թեան լոյ­սին տակ՝ նա­խա­րար Չա­վու­շօղ­լու նշած է, թէ տա­կա­ւին պի­տի յա­ջոր­դեն եւս շատ դրա­կան լու­րեր։ Յօ­դուա­ծա­գի­րը յա­մառ հար­ցում­նե­րուն ի պա­տաս­խան՝ Չա­վու­շօղ­լու յանձ­նա­րա­րած է քիչ մը համ­բե­րել։ Հե­ղի­նա­կը կը նշէ, թէ պե­տա­կան հա­րուա­ծի ձա­խող փոր­ձի մթնո­լոր­տին մէջ չէ կրցած հե­տապն­դել այդ ազ­դան­շան­նե­րը, իսկ վեր­ջին օ­րե­րուն քիչ մը ու­սում­նա­սի­րած է այդ բո­լո­րը։ Այս­պէս, Ռու­սաս­տա­նի հետ ճգնա­ժա­մը կար­գա­ւո­րե­լու ժա­մա­նակ, այդ մեր­ձեց­ման զու­գա­հեռ՝ Թուր­քիա կը պատ­րաս­տուի շատ կա­րե­ւոր խա­ղա­ղու­թեան ար­շա­ւի մը։ Այ­սինքն, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն՝ բա­րե­կա­մու­թիւն­նե­րը ա­ւելց­նե­լու կար­գա­խօ­սը կը հաս­նի մին­չեւ հայ­կա­կան սահ­մա­նը։ Հե­ղի­նա­կը դի­ւա­նա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րու մի­ջո­ցաւ ստու­գած է, որ Չա­վու­շօղ­լու այդ խա­ղա­ղու­թեան ար­շա­ւի ա­ռա­ջին տե­սակ­ցու­թիւն­նե­րը կա­տա­րած է Պա­քուի մէջ՝ 14-15 Յու­լի­սին։ Ան Պա­քուի բազ­կե­րա­կը շօ­շա­փած է՝ Հա­յաս­տա­նի հետ վերս­տին ու ար­մա­տա­կան խա­ղա­ղու­թեան մը ո­րոն­ման հա­մար։ Ֆա­թիհ Չե­քիր­կէ կը նշէ, թէ դրա­կան հա­կում մը կայ այս ուղ­ղու­թեամբ եւ ա­ւե­լի յա­ռա­ջա­ցեալ փու­լե­րու հա­մար գե­տի­նը պատ­րաստ է։

Այս բո­լո­րին ազ­դե­ցու­թեամբ Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու Սամ­սուն վե­րա­դար­ձած է բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ եւ իր տուած ազ­դան­շան­նե­րը վե­րա­բե­րած են այս խնդրին, ինչ որ բա­ցա­յայ­տուած է աս­տի­ճա­նա­բար։ Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, Ռու­սաս­տա­նէ վերջ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ խօ­սե­լով կը ջա­նայ Հա­յաս­տա­նի հետ ալ խա­ղա­ղու­թեան օ­րա­ցոյց մը ձե­ւա­ւո­րել։

Յօ­դուա­ծա­գի­րը այս խա­ղա­ղու­թեան ար­շա­ւին տե­սա­կէ­տէ մեծ հիաս­թա­փու­թիւն մը կը նկա­տէ երկ­րէն ներս կա­տա­րուած զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձը՝ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան դէմ պա­տե­րազ­մը։ Ըստ ի­րեն, ե­թէ եր­կի­րը դէ­պի ա­պա­գայ պի­տի ուղ­ղէ իր հա­յեաց­քը, ա­պա ար­դա­րա­դա­տու­թեան հա­մա­կար­գը մէկ կող­մէ պի­տի կա­տա­րէ իր գոր­ծը, իսկ միւս կող­մէ պե­տու­թիւ­նը ան­շուշտ պի­տի տե­ւա­կա­նաց­նէ այդ խա­ղա­ղու­թեան ար­շա­ւը։ 

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2016