ՎԱՐԴԱՎԱՌ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Երիտասարդական ակումբներու ընկերակցութիւն (FYCA) կազմակերպեց արդէն աւանդական դարձած «Վարդավառ միջազգային փառատօն»ը, որ չորրորդ տարին ըլլալով անընդմէջ համախմբեց բազմաթիւ երիտասարդներն եւ տօնի հարիւրաւոր սիրահարները: Փառատօնը նպատակ ունէր ներկայացնելու ազգային-աւանդական մշակոյթը, լայն հասարակութեան ճանաչելի դարձնելու Վարդավառի տօնական եւ ծիսական առանձնայատկութիւնները: Ճանաչողական, կրթական, մշակութային փառատօնը տեղի ունեցաւ համաշխարհային նիւթական մշակոյթի գանձարանի մաս կազմող Հայաստանի խոշոր յուշարձաններէն ներս՝ Գառնիի եւ Գեղարդի մէջ:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Վարդավառ միջազգային փառատօնին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երիտասարդական ակումբներու ընկերակցութեան նախագահ Ատոմ Մխիթարեան՝ կարեւորելով Վարդավառ տօնի նշանակութիւնը եւ այդ շրջանակին մէջ՝ իրարու վրայ ջուր սրսկելու արարողութիւնը։ «Ուրախ եմ, որ այս տարի եւս յաջողեցանք պատշաճ կազմակերպել Վարդավառ միջազգային փառատօնը եւ հիւրընկալել հարիւրաւոր երիտասարդներ, բազմաթիւ օտարերկրացիներ եւ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներ: Վարդավառը երիտասարդութեան ամենասիրուած տօներէն է. իւրաքանչիւր տարի մասնակիցներու կողմէ հետաքրքրութիւնը մեծ է, սա կը նշանակէ, որ մենք ճիշդ ուղի ընտրած ենք: Ազգային, մշակութային աւանդութիւնները տարածողները երիտասարդներն են, անոնք պէտք է պահպանեն ու հանրահռչակեն զանոնք: Եւ, վերջապէս, աշխարհի տարբեր անկիւններէն Հայաստան ժամանած հիւրերու համար մշակութային նման միջոցառումները առիթ են մեզ աւելի լաւ ճանչնալու համար», ըսաւ Ատոմ Մխիթարեան։

Բացի տօնի՝ աւանդական մէկզմէկու վրայ ջուր սրսկելու արարողութենէն եւ երիտասարդութեան օրհնութեան կարգէն, փառատօնի բազմակողմանի ծրագրին մէջ ընդգրկուած էին հայկական ազգային, կոմիտասեան երգի հոգեթով կատարումներ՝ մատուցուած Նայիրեան երգ ու պարի անսամպլին կողմէ, ազգային խաղեր, Վարդավառ տօնի յատուկ տաղաւարներ, որոնք կը ներկայացնէին Հայաստանի տարբեր մարզերու աւանդութիւնները ու ձեռագործ աշխատանքները: Երիտասարդական ակումբներու ընկերակցութեան Արագածոտնի, Արմաւիրի, Կոտայքի, Լոռիի, Շիրակի ու Տաւուշի մարզային համակարգողները եւս միացած էին ամենամեայ միջազգային փառատօնին:

Երիտասարդական ակումբներու ընկերակցութեան Լոռիի համակարգող Սոխակ Մելքոնեան առաջին անգամ կը մասնակցի փառատօնին եւ առանձին տաղաւարով ներկայացուց Վանաձորի տաղանդաւոր երիտասարդներու աշխատանքները։ «Փառատօնը շատ լաւ հնարաւորութիւն է, որպէսզի կարենանք ներկայացնել վանաձորեան մթնոլորտը, երիտասարդներու ստեղծագործութիւները: Մենք ոգեւորուած ենք մեր արտադրանքը ներկայացել այս միջոցառման ընթացքին ու վերադառնալ վառ տպաւորութիւններով», ըսաւ ան։

Այս տարի առաջին անգամ Վարդավառ փառատօնի հիւրերը ողջունեցին նաեւ երիտասարդ դերասաններ, որոնք կը մարմնաւորէին Վարդավառի տօնին անմիջականօրէն առընչուող Աստղիկ աստուածուհին եւ Վահագնը: Հայաստանցի եւ օտարերկրացի հիւրերը, ինչպէս նաեւ Սփիւռքէն ժամանած հայրենակիցները Գառնիի մէջ հնարաւորութիւն ունեցան լուսանկարուելու հայոց վերոնշեալ երկու կարեւոր կերպարներու հետ:

Փառատօնին աջակցեցան Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն»ը (ՊՈԱԿ), Համաշխարհային հայկական երիտասարդական Ոստայնը, «Հայկական Փի Ար ընկերակցութիւն» գիտատեղեկատուական հասարակական կազմակերպութիւնը եւ Նայիրեան անսամպլը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 25, 2017